Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու «Պատմական» Համաձայնագիր Ստորագրելու Համար Պիտի Այցելէ Ուաշինկթըն

Սեպտեմբեր 10, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու գահաժառանգ եւ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայետ Ալ Նահիան յառաջիկայ շաբաթ պիտի գլխաւորեն Ուաշինկթընի մէջ յարաբերութիւններու երկկողմանի կարգաւորման համաձայնագիրի ստորագրութեան արարողութեան մասնակից իրենց երկիրներու պատուիրակութիւնները:

«Ի.Էյ.Տէյլի» կայքը կը հաղորդէ, որ համապատասխան յայտարարութիւնները կատարուած են Իսրայէլի վարչապետին եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարի բանբեր Հինտ Ութէյպայի կողմէ:

«Հպարտ եմ, որ յաջորդ շաբաթ նախագահ Թրամփի հրաւէրով պիտի մեկնիմ Ուաշինկթըն եւ պիտի մասնակցիմ Սպիտակ տան մէջ Իսրայէլի ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան պատմական արարողութեան», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Նեթանիահու:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով իր կարգին յայտնեց. «Յաջորդ շաբաթ նորին մեծութիւն շէյխ Ապտալլա պըն Զայետ Ալ Նահիանը պիտի գլխաւորէ Ուաշինկթընի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու պատմական պատուիրակութիւնը, որ պիտի մասնակցի Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման արարողութեան: Ասիկա նշանակալից իրադարձութիւն պիտի ըլլայ մեր երկու երկիրներու եւ շրջանի պատմութեան համար»:

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ համաձայնութիւն գոյացուցած են յարաբերութիւնները բնականոնացնելու շուրջ: Այդ համաձայնութեան հիմամբ Իսրայէլ ժամանակաւորապէս պիտի դադրեցնէ Այսրյորդանանէն մեծ տարածքներ իրեն կցելու ծրագիրը: Մինչեւ հիմա Իսրայէլ դիւանագիտական յարաբերութիւն չէր հաստատած Արաբական ծոցի երկիրներէն որեւէ մէկուն հետ:

 

Նախորդը

«Թուրքիոյ Եւ Իրանի Միջեւ Երկխօսութիւնը Վճռորոշ Դեր Ունեցաւ Շրջանային Բազմաթիւ Խնդիրներու Լուծման Մէջ» Ըսած Է Էրտողան

Յաջորդը

«Թրքական Միջամտութիւնը Մեր Օրակարգին Վրայ Մնայուն Կէտ Դարձուցինք» Կ՛ըսէ Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?