Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը երէկ պատժամիջոցներ հաստատեց նախկին նախարարներ Ալի Հասան Խալիլի եւ Եուսեֆ Ֆընիանոսի դէմ` Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրէնքի ծիրին մէջ: Նախարարութիւնը նկատել տուաւ, որ այս երկու անձնաւորութիւնները դրամական եւ գործնական օգնութիւն ցուցաբերած են Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի նկատմամբ` հաստատելով միաժամանակ, որ պիտի պատժէ լիբանանցի իւրաքանչիւր քաղաքական գործիչ, որ կ՛օժանդակէ Հըզպալլային:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց, որ այսօր հաշուետուութեան կ՛ենթարկենք լիբանանցի նախկին երկու նախարարներ, որոնք Հըզպալլային օժանդակութիւն մատուցած են: