Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ
Ալեքսանտր Մաթոսեան նախագահ Աունի հետ խորհրդակցութեան ընթացքին առաջադրեցին Մուսթաֆա Ատիպի թեկնածութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Մեկնելով ազգային միասնականութեան սկզբունքէն եւ երկրին մէջ տիրող ծանր պայմաններէն` դեսպան Մուսթաֆա Ատիպի անունը կ՛առաջադրենք վարչապետի պաշտօնին համար եւ անոր յաջողութիւն կը մաղթենք: Կոչ կ՛ուղղենք` կազմելու կառավարութիւն մը, որ ներառէ լիբանանեան հասարակութեան բոլոր շերտերը, որոնց մէջ նաեւ քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչները: Կառավարութեան առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ փտածութեան դէմ պայքարիլ, երկիրը իր դիմագրաւած ելեւմտական պայքարէն փրկել, Պէյրութը եւ անոր շրջակայքը վերակառուցել` տուժողներուն տրամադրելով անմիջական հատուցումներ, ինչպէս նաեւ վաղուան Լիբանանը կերտելու արմատական բարեկարգումի ծրագիր մը մշակել»: