Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Նախագահը Լիբանանի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը Եւ Լիբանանահայութեան Խնդիրները Քննարկած Է ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Հետ

Օգոստոս 7, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը տեղեկացնէ, թէ 6 օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումին պատճառով ստեղծուած իրավիճակը եւ լիբանանահայութեան հետ կապուած խնդիրները քննարկած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ:

Տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Հայաստանի նախագահը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձած են պայթումին պատճառով ստեղծուած իրավիճակին եւ լիբանանահայութեան կրած վնասներուն:

Նախագահ Սարգսեանն ու Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը միտքեր փոխանակած են Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ լիբանանահայ համայնքին համար նախատեսուող օգնութեան վերաբերեալ:

Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են լիբանանահայութեան անմիջական օժանդակութիւն հասցնելու անհրաժեշտութիւնը եւ խօսած այն հիմնական կարիքներուն մասին, որոնց դէմ յանդիման կանգնած է այսօր լիբանանահայ համայնքը:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի նախագահին այն բանին համար, որ Լիբանանը պատուհասած աղէտի այս բարդ պայմաններուն մէջ եւ դժուարին օրերուն, Հայաստանը օգնութեան ձեռք մեկնած է Լիբանանի մեր հայրենակիցներուն:

Նախորդը

Նախագահ Յարութիւնեան Իր Պատրաստակամութիւնը Կը Յայտնէ Օժանդակելու Լիբանանահայութեան

Յաջորդը

Հայրենի Լրատուամիջոցներու Հարցումներուն Պատասխանելով` «Ասիկա Համահայկական Աղէտ Է» Ընդգծեց Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?