ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ այցելեցին վարչապետ Հասսան Տիապի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Պէյրութի նաւահանգիստին հսկայայկան պայթումին պատճառով Պուրճ Համուտի մէջ արձանագրուած վնասները:
Բագրատունի կարեւորութեամբ շեշտեց, որ պետութիւնը պարտի արագօրէն շրջանին մէջ արձանագրուած աւերին գնահատումը կատարել եւ լծուիլ վնասները հատուցելու աշխատանքին, որովհետեւ ժողովուրդին միջոցները սպառած են, եւ կարելի չէ ձգձգումներ ընդունիլ:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ քննարկելու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ նաւահանգիստի պայթումին պատասխանատուները երեւան հանելու եւ դատական հետապնդումի ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը: