«Քորոնա» ժահրին պատճառով «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ընդմիջուած ախոյեանութիւնը այժմ կը շարունակուի եւ անոր մասնակցող խումբերը իրենց ամէն կարելին կ’ընեն, ապահովելու համար փլէյ-օֆ-ի մրցումներուն իրենց տոմսը:
Երէկ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, ցարդ փլէյ-օֆ-ի մրցումներուն իրենց տոմսը ապահոված են հետեւեալ 13 խումբերը.
Միլուոքի Պաքս, Թորոնթօ Ռեփթըրզ, Պոսթըն Սելթիքս, Մայեմի Հիթ, Ինտիանա Փէյսըրզ, Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ (արեւելեան շրջան), Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, Լոս Անճելըս Քլիփըրզ, Տենվըր Նակեթց, Եութա Ճեզ, Օքլահոմա Սիթի, Հիուսթըն Ռոքեթց եւ Տալաս Մավըրիքս (արեւմտեան շրջան):
Իսկ վերջին երեք տոմսերուն համար կը պայքարին՝ Պրուքլին Նեթց, Օրլանտօ Մեճիք, Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ (արեւելեան շրջան), Մեմֆիս Կրիզլիզ, Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ, Սան Անթոնիօ Սփըրզ, Նիւ Օրլինզ, Ֆէոնիքս Սանզ եւ Սաքրամենթօ Քինկզ (արեւմտեան շրջան):
Նշենք, որ փլէյ-օֆ-ի մրցումներէն ցարդ դուրս մնացած կազմերն են՝ Շարլոթ Հորնեթց, Շիքակօ Պուլզ, Նիւ Եորք Նիքս, Տիթրոյիթ Փիսթընզ, Աթլանթա Հոքս, Քլիվլենտ Քաւալիրզ (արեւելեան շրջան), Մինեսոթա Վուլվզ եւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ (արեւմտեան շրջան):
Արեւմտեան շրջանին պարագլուխի դիրքը այժմէն իսկ ապահոված է Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, մինչ արեւելեան շրջանին պարագլուխի դիրքը գրաւող կազմին գրաւող կազմին անունը ցարդ անորոշ է: