ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Այս յօդուածը 5 Հոկտեմբեր 2018-ին գրած էի, սակայն մամուլին չյանձնեցի՝ առիթ տալով եւ սպասելով դրական զարգացումներու, պետականաշինութեան ու կառավարման բարենորոգումներու, որոնք սակայն, ըստ այդ օրերու կանախատեսումիս՝ ցարդ չիրականացան, ընդհակառակը՝ երկիրը մի՛այն վերածուեցաւ սեւերու եւ ճերմակներու ամօթալի որակումի՝ բաժանումի եւ ահաւոր հալածախտի:
«Անհրաժեշտ բայց ոչ բաւարար»-ը յատկապէս ուսողութեան մէջ եւ ընդհանրապէս՝ գիտութեան եւ տրամաբանութեան մէջ անշրջանցելի օրէնք է (necessary but not sufficient): Օրինակները բազմաթիւ են.
- Անհրաժեշտ է, որ 100 թիւը երկու զերօ ունենայ, սակայն բաւարար չէ, որ բոլոր երկու զերօ ունեցող թիւերը 100 ըլլան, քանի որ անսպառ են երկու զերօյով թիւերը:
- Անհրաժեշտ է, որ բոլոր կատուները ականջ ունենան, սակայն բաւարար չէ, որ բոլոր ականջ ունեցողները կատու ըլլան:
- Անհրաժեշտ է, որ բոլոր ցուցարարները ժողովուրդին մաս կը կազմեն, սակայն բաւարար չէ, որ անոնք ժողովուրդը կը ներկայացնեն՝ բոլոր ժողովուրդն են:
- Անհրաժեշտ է, որ բոլոր ցուցարարները պահանջ ունենան, սակայն բաւարար չէ, որ բոլոր պահանջ ունեցողները ցուցարար ըլլան, կամ՝ նոյն պահանջը ունենան:
- Անհրաժեշտ է, որ բոլոր ցուցարարները կը պահանջէին վարչապետին հրաժարականը, սակայն բաւարար չէ, որ բոլորը կը պահանջէին ցոյցը կազմակերպողին վարչապետ նշանակումը:
- Անհրաժեշտ է, որ ցուցարարներուն մեծամասնութիւնը հաւաքուած էր դէմ արտայայտուելու նախկին նախագահին վարչապետ նշանակումին, սակայն բաւարար չէ, որ անոնք բոլորը հետեւորդներն էին ցոյցի առաջնորդին, այլ՝ դէմ էին վարչապետին նշանակումին:
- Հազարաւոր գիտնականներու, ճարտարագէտներու, պաշտօնեաներու եւ բանուորներու հաւաքական աշխատանքով է, որ դէպի անջրպետ հրթիռներ կը պատրաստուին ու վերջաւորութեան՝ մէկ անձ կոճակը սեղմելով հրթիռը կ՛արձակէ, սակայն այդ անձը չէ, որ ծրագիրը իրագործեց կամ յաջողեցուց:
- Առասպելական Հանս Պրինքըր պատանին, որ ենթադրաբար Հոլանտան ծովէն պաշտպանող թումբերէն մէկուն ծակը իր մատով գոցելով երկիրը հաւանական ջրհեղեղէ մը փրկեց, հերոսացաւ՝ սակայն երկրին կառավարիչը չդարձաւ:
Անշուշտ ոեւէ տրամաբանող՝ բանական անհատ կը զանազանէ եւ գիտէ վերեւ նշուած ութ օրինակներուն ճշմարտութիւնը եւ ընդհանրացումներ չի կատարեր: Սակայն ուղղորդուած ու ծրագրաւորուած քարոզչութիւնը եւ սանձարձակ ու յոռի, երբեմն ամօթալի՝ գռեհիկ, ոխակալ ու ծաղրական ամբոխավարութիւնը կարողացաւ շփոթի մատնել ժողովուրդին մէկ մասը, որ տակաւին կը սպասէ շօշափելի փոփոխութեան՝ հարցականի տակ դնելով «Թաւշեայ յեղափոխութեան իսկական նպատակը»: Իսկ ի՞նչ պիտի պատահէր եթէ օրին, վարչապետը տեղի չտար… Իրականութեան մէջ, «թաւշեայ» որակումը տեղի տուողին կը պարտին, եւ ո՛չ թէ՝ ցուցարարներուն:
Գործնապէս, ժողովուրդին որոշ հատուած մը հիասթափութիւն ապրեցաւ, երբ սահմանադրութեան փոփոխութենէն ետք, իրական փոփոխութեան կարելիութիւն եւ հեռանկար չտեսաւ:Արդարեւ, հակառակ իր հրապարակային խոստումին, թէ ինք ցանկութիւն չունի իշխանութեան վրայ մնալու, նախագահը դրժելով իր խոստումը՝ վարչապետ դարձաւ, բան մը, որ օրին, սահմանադրութեան փոփոխութեան ընդդիմադիրները ճի՛շդ ա՛յդ մտավախութիւնը ունէին:
Անհրաժեշտ է նշել, որ երեւոյթներու եւ եղելութիւններու մասին է, որ անդրադարձ կը կատարուի այստեղ եւ ոչ թէ անձերու եւ իրենց կարողութիւններուն կամ արժանիքներուն, այդ մէկը զիրենք ճանչցողներուն կը թողունք:
«Ներազդողը» (catalyst) քիմիական գործողութեան ժամանակ կը դիւրացնէ երկու կամ աւելի հիմնական նիւթերու քիմիական փոփոխութիւնը՝ նոր բաղադրութիւն մը արտադրելու, սակայն ան մաս չի կազմեր ստեղծուած արդիւնքին եւ արդիւնքը չի դառնար: Այլ խօսքով, եթէ նպատակը Ա. եւ Բ. նիւթերէն ԱԲ. նիւթը՝ բաղադրութիւնը ստեղծել է, կարիքը կայ Գ. ներազդողին, որ չերեւիր արդիւնքին մէջ եւ նոյնիսկ փոփոխութեան չ՛ենթարկուիր, սակայն անհրաժեշտ է իր ներկայութիւնը գործողութեան մէջ եւ կը դիւրացնէ ԱԲ-ին արտադրութեան: Այս էր «Թաւշեայ յեղափոխութեան» ենթադրեալ նպատակը՝ կասեցնել լճացած ու անհեռանկար կառավարումը՝ ճամբայ հարթելու բոլորին մասնակցութեամբ աւելի՛ արդար ու համերաշխ ընկերային-տնտեսական բարգաւաճ եւ ԱՏԱԿ կառավարումի:
Այսպէս կոչուած «Թաւշեայ յեղափոխութիւնը» արդէն վեց ամիս ետք, այժմ (5 հոկտեմբեր 2018), յստակ կը դառնայ, որ իշխանութեան տիրանալու փորձ մըն էր եւ ո՛չ թէ ժողովուրդին ընկերային տնտեսական իրավիճակը բարելաւելու իսկական յեղափոխութիւն: Իսկ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն տարօրինակ արդիւնքը (նախորդ ընտրութեան հակապատկերը՝ նախորդին 80 տոկոս շահողը այժմ 20 տոկոս, եւ հակառակը), եկաւ փաստելու, որ այն կողմը, որ իշխանութեան վրայ է, լծակներ գործածէ կամ ո՛չ, դժբախտ ժողովուրդը, որուն կարեւոր մասը պետական պաշտօնեաներ են, իրենց քուէն կու տան եւ պիտի տան իշխանութեան օգուտին, վախնալով պաշտօնազրկումէ:
Փաստօրէն, «յեղափոխութենէն» անմիջապէս ետք, արդէն, կարծես վրէժխնդրութեան մղումով մը, արդարացի կամ ոչ, բազմաթիւ պաշտօնեաներ՝ պետական-վարչականէն առողջապահական, թէ՝ ուսումնական եւ մարզային, կամայական կերպով գործէ արձակուեցան կամ՝ հրաժարեցան: Օրէնքի եւ արդարադատութեան փոխարէն՝ փողոցը, թերեւս նաեւ փողոցայինը պարտադրեց կարգ մը պաշտօնազրկումներ, իրաւացի, կամ՝ ոչ:
Տարօրինակ կերպով, իշխանութիւնը վերածուեցաւ ցոյցեր կազմակերպող մեքենայի մը, որ փողոցը գործածեց իր նպատակներուն համար, նո՛յնիսկ վարչապետին իսկ կոչով՝ խորհրդարանին եւ դատարաններու մուտքը փակելով, որ իր կարգին քրէական յանցանք է: Իսկ հեգնօրէն, փողոց իջնողները դարձան «ժողովուրդը», իսկ միլիոնաւոր մարդիկ, որոնք փողոց չիջան՝ անտեսուեցան: Արդեօք անոնք չե՞ն իսկական օրինապահ ժողովուրդը՝ լուռ մեծամասնութիւնը:
5 Հոկտեմբեր 2018
Այժմ, այսպէս կոչուած թաւշեայ յեղափոխութենէն երկու տարի եւ երկու ամիս անց՝ յուսախաբութեան, անվստահութեան նա՛եւ, պսակաւոր ժահր համավարակի տարածման կանխարգելիչ անբաւարար կառավարումի լոյսին տակ, որ օրական բազմաթիւ անտեղի զոհեր կը խլէ, Հայաստանը վերածելով տարածաշրջանի վարակուածներու շարունակուող ամենամեծ թիւը ունեցողին, նաեւ բնակչութեան թիւին համեմատութեամբ՝ բարձրագոյն տասին մէջ գտնուողին (Պի.Պի.Սի., 26 յունիս 2020) (1), փոխանակ իշխանութիւնը ազնուանալու եւ համեստանալու, ժողովուրդը համախմբելու դէպի միացեալ ճիգերով յաղթահարելու այս եւ գալիք մարտահրաւէրները՝ համապատասխան լրջութեան որեւէ նշոյլ չենք տեսներ:
Արդեօք պէտք է սպասենք, որ խելամիտ եւ ազգասէր մարդիկ այժմ Գիւմրիէն դէպի Երեւան քայլարշաւի՞ դիմեն:
2 յուլիս 2020