Ֆրանչիսկոս պապը վերստին կոչ ուղղեց` համաշխարհային ու անմիջական զինադադարի մը հաստատման, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ վերջերս հրապարակուած որոշումին հիմամբ մարդասիրական անհրաժեշտ օժանդակութիւններու մատակարարման համար պէտք եղած խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն կ՛ապահովէ:
«Քորոնա» ժահրը մինչեւ հիմա նահանջի որեւէ նշան ցոյց չի տար», ըսաւ Հռոմի եպիսկոպոսապետը:
«Այս պահուս, երբ համաճարակը կանգնելու որեւէ նշան ցոյց չի տար, կ՛ուզեմ կարեկցանքս յայտնել անոնց, որոնք անոր տնտեսական ու ընկերային հետեւանքները կը դիմակայեն: Կը մտածեմ մասնաւորաբար բնակիչներուն մասին, որոնց տառապանքները բարդացած են տագնապներու պատճառով», նշեց պապը:
«Մտահոգութեամբ կը հետեւիմ Կովկասի շրջանին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վերջին օրերու ընթացքին զինեալ լարուածութեան բարձրացման: Մինչ կը հաստատեմ, որ կ՛աղօթեմ ընտանիքներուն համար անոնց, որոնք բախումներու ընթացքին իրենց կեանքերը կորսնցուցին, կը մաղթեմ, որ միջազգային ընտանիքի յանձնառութեան եւ երկու կողմերուն միջեւ երկխօսութեան ու բարի կամեցողութեան ճամբով կարելի ըլլայ այս երկու ժողովուրդներուն բարիք բերող մնայուն խաղաղ լուծում մը գտնել», յայտնեց Ֆրանչիսկոս պապը: