Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիա Թալեպանները Խրախուսած Է Ամերիկացի Զինուորներ Սպաննելու. Սպիտակ Տունը Լուրը Արժանահաւատ Չի Համարեր

June 29, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տունը արժանահաւատ չի նկատեր «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին այն հրապարակումը, թէ Ռուսիան հաւանաբար խրախուսած է Թալեպանները Աֆղանիստանի մէջ ամերիկացի զինուորներ սպաննելու: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի լրատու գործակալութեան փոխանցմամբ, այս մասին ըսուած է Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Թրամփի աշխատակազմի մամլոյ քարտուղար Քէյլի Մաքինին յայտնած է, որ ամերիկեան հետախուզութենէն ամէն օր կը ստացուին հազարաւոր հաղորդագրութիւններ, որոնք խիստ վերահսկողութեան տակ կը գտնուին:

«Թէեւ Սպիտակ տունը սովորաբար չի մեկնաբաներ հետախուզութեան ենթադրեալ տուեալներու մասին տեղեկութիւնները, սակայն թէ՛ «Սի.Այ.Էյ.»¬ի ղեկավարը, թէ՛ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը եւ թէ՛ սպայակոյտի պետը կը վկայեն, որ ո՛չ նախագահին, ո՛չ ալ փոխնախագահին նման բովանդակութեամբ տեղեկութիւն զեկուցուած է», նշած է Մաքինի:

Ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը նախապէս` յղում կատարելով Միացեալ Նահանգներու հետախուզութեան իր անանուն աղբիւրներուն, հրապարակած էր տեղեկութիւն մը, թէ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնը այլեւս համոզուած է, որ ռուսական զինուորական հետախուզութիւնը Աֆղանիստանի մէջ ամերիկացի զինուորներու սպանութեան համար գաղտնաբար դրամական պարգեւներ վճարած է թալեպաններուն հետ կապ ունեցող զինեալներուն: Օրաթերթը տեղեկութիւնը հաւաստող որեւէ ապացոյց չէր հրապարակած:

Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը Ուաշինկթընէն պահանջած էր պատշաճ կերպով արձագանգել այն սպառնալիքներուն, որոնք, հրապարակուած կեղծ լուրի պատճառով, կը հասցէագրուին ռուս դիւանագէտներուն, իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի հրապարակած տեղեկութիւնը կեղծ համարած էր:

Աւելի ուշ Թալեպան շարժումը եւս հերքած էր, թէ ռուսական կողմէն գումար ստացած է Աֆղանիստանի մէջ ամերիկացի զինուորներու վրայ յարձակումներ կատարելու համար:

Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան դեմոկրատական թեկնածու Ճօ Պայտըն` մեկնաբանելով «Նիւ Եորք Թայմզ»¬ի հրապարակած տեղեկութիւնը, յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախագահութիւնը ամբողջութեամբ նուէր մըն է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին:

Պայտըն «Թուիթըր»¬ի վրայ գրեց. «Իւրաքանչիւր յաւելեալ օր, որ Թրամփ կը մնայ ձուաձեւ գրասենեակին մէջ, կը փաստէ, թէ որքան անատակ է մեր երկիրը ղեկավարելու»:

Պայտըն քանի մը օր առաջ յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար հանդուրժել, որ Թրամփ իշխանութեան վրայ նոր նստաշրջան մըն ալ մնայ` աւելցնելով. «Կրնանք յաղթահարել Թրամփին չորս տարուան ընթացքին` առաջին նստաշրջանին կատարածները: Սակայն, եթէ անոր նախագահութեան նոր նստաշրջան պարգեւենք, որպէսզի Սպիտակ տան մէջ 8 տարի մնայ, ապա ամերիկեան ինքնութիւնը առյաւէտ պիտի փոխէ»:

 

 

Նախորդը

Հայկական Ֆութպոլ. Նոա Դարձեալ Յաղթեց Ալաշկերտին

Յաջորդը

Ներկայացուցիչներու Տունը Պատմական Նիստի Մը Ընթացքին Կ՛որոշէ Մայրաքաղաքը Վերածել Նահանգի

RelatedPosts

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային  Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք  Հանդիպում Կայացնել
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք Հանդիպում Կայացնել

September 26, 2026
Արաղչի. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն  Ներկայացուցած Է Նոր Առաջարկ, Որ Թոյլ Կու Տայ  7 Օրուան Մէջ Վերաբանալ Հորմուզը»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն Ներկայացուցած Է Նոր Առաջարկ, Որ Թոյլ Կու Տայ 7 Օրուան Մէջ Վերաբանալ Հորմուզը»

September 26, 2026
Ռուսիան Քիեւի Մէջ Առեւտրական  Կեդրոն Մը Հարուածած Է
Միջազգային

Ռուսիան Քիեւի Մէջ Առեւտրական Կեդրոն Մը Հարուածած Է

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.