Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը, պատմական քուէարկութեան մը ընթացքին որոշեց մայրաքաղաք Ուաշինկթընը վերածել Միացեալ Նահանգներու 51-րդ նահանգի:
Մայրաքաղաքի բնակիչներուն եւս միւս ամերիկացիներուն հաւասար քուէարկութեան իրաւունք տալու ձգտող օրէնքը, սակայն, անհաւանական է, որ որդեգրուի Քոնկրեսի վերին պալատի` Ծերակոյտին կողմէ:
Օրէնքին զօրակցեցան Ներկայացուցիչներու տան անդամ բոլոր դեմոկրատականները, բացի մէկ դեմոկրատականէ, որ քուէարկեց հանրապետականներուն օգտին:
Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսի քուէարկութենէն առաջ յայտնեց. «Աւելի քան երկու դարէ ի վեր մայրաքաղաք Ուաշինկթընի բնակիչները զրկուած են մեր ժողովրդավարութեան մասնակից ըլլալու իրենց լիարժէք իրաւունքէն, հակառակ այն իրողութեան որ հարկեր կը վճարեն եւ բանակին մէջ կը ծառայեն:
Դեմոկրատականներու կեդրոն նկատուող Քոլոմպիա վարչական շրջանին մէջ կը բնակին 705 հազար ամերիկացիներ, որոնց թիւը աւելի է միասնաբար Ուայոմինկ եւ Վերմոնթ նահանգներու բնակիչներու թիւէն:
1790-ին, Քոնկրեսի կողմէ Ուաշինկթընը երկրին մնայուն մայրաքաղաք հռչակումէն ետք, շրջանի բնակիչները զրկուած են քուէարկելու իրաւունքէն: Այս քայլը նաեւ քաղաքացիական իրաւունքներու հարց մըն է` նկատի ունենալով, որ քաղաքի բնակչութեան կէսը ափրիկեցի-ամերիկացիներ են:
Ասիկա 1993-էն ի վեր նոր նահանգ մը ստեղծելու ի նպաստ Քոնկրեսին առաջին քուէարկութիւնն է, սակայն չէ պատահած, որ Ծերակոյտը նախապէս այսպիսի քայլ մը վաւերացնէ:
Ներկայացուցիչներու տան մէջ Ուաշինկթընի ներկայացուցիչ Էլիոնոր Հոլմզ Նորթըն, որ քուէարկելու իրաւունք չունի, յայտնեց. «Քոնկրեսին դիմաց երկու ընտրանք կայ` կա՛մ շարունակել Ուաշինկթընի վրայ ոչ ժողովրդավարական բռնատիրական իշխանութեան կիրարկումը կամ ալ, օրինագիծին ի նպաստ քուէարկելով, հաւատարիմ ըլլալ այս ժողովուրդին ուխտին ու տեսլականին»:
Նորթըն ըսաւ, որ, դեմոկրատականներու առաջարկին համաձայն, կառավարական շէնքերը, Քոնկրեսը, Նաշընըլ Մոլը եւ Սպիտակ տունը պարփակող շրջանը կը պահպանուի իբրեւ դաշնակցային փոքր տարածք:
Հանրապետականները կ՛առարկեն, թէ այդ օրէնքը կը հակասէ ամերիկեան սահմանադրութիւնը բանաձեւած անձերուն, որոնք ձգտած են ստեղծել դաշնակցային տարածք մը, որ որեւէ նահանգէ չ՛ազդուիր: Սակայն Ուաշինկթընի մէջ պատասխանատուները մեծապէս մտահոգ են Քոնկրեսին` մայրաքաղաքի հարցերուն մէջ դերակատարութենէն, որովհետեւ սահմանադրութիւնը լայն իրաւասութիւններ կը շնորհէ պաշտօնատարներուն` մայրաքաղաքին մէջ տարբեր մակարդակներու վրայ դեր ունենալու:
1780 թուականին Մերիլենտ եւ Վըրճինիա նահանգները իրենց պատկանող տարածքներէ հրաժարեցան` ստեղծելու համար Փոթոմաք գետին եզրին դաշնակցային մայրաքաղաքը: