Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուրատ Փափազեան. «Խախտելով Սահմանադրութիւնը` Վարչապետը Չի Կրնար Երկիրը Տանիլ Ժողովրդավարութեան»

June 29, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բոլորս ալ պէտք է գիտնանք, որ ժողովրդավարութեան այբուբենը յարգանքն է Սահմանադրութեան նկատմամբ, պէտք է յարգել Սահմանադրութիւնը, եթէ կ՛ուզենք երկիրը առաջնորդել դէպի ժողովրդավարութիւն: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին (լրագրող Հռիփսիմէ Յովհաննիսեան) ըսաւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան` անդրադառնալով վերջին շրջանին Սահմանադրական դատարանին շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներուն:

«Կարելի է հասկնալ, որ իշխանութիւնները կ՛ուզեն փոփոխութիւններ կատարել Սահմանադրութեան մէջ: Եթէ որեւէ իշխանութիւն կը կարծէ, թէ կարիքը կայ Սահմանադրութեան մէջ որոշ կէտեր փոխելու, իր իրաւունքն է ատիկա, բնականաբար, բայց կան պայմաններ, որոնք եւս պէտք է ընդունի», ըսաւ ան` նկատել տալով, որ այսօր այդ պայմանները չեն յարգուիր, եւ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները ճիշդ ձեւով տեղի չեն ունենար. «Կայ կարգ, կայ օրէնք, եւ պէտք է այս իշխանութիւնները յարգեն այդ օրէնքները, որպէսզի փոփոխութիւնները ընդունելի ըլլան ոչ միայն մեր ժողովուրդին, այլ նաեւ` միջազգային հանրութեան կողմէ»:

Մուրատ Փափազեանի խօսքով` շատ կարեւոր է միջազգային հանրութեան կարծիքը այսօր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցողի դէպքին վերաբերեալ, որովհետեւ անիկա միջազգային ընտանիքին մաս կը կազմէ: «Եթէ իշխանութիւնները խախտեն ընդհանուր ժողովրդավարական այբուբենը` Սահմանադրութեան միջոցով չյարգելով զայն, միջազգային ընտանիքը վատ կեցուածք պիտի ունենայ Հայաստանի նկատմամբ: Հակասահմանադրական քայլերը չեն կրնար նպաստ բերել Հայաստանին», շեշտեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:

Մուրատ Փափազեանի համաձայն, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շատ լաւ գիտէ այս բոլորը, քանի որ վերջին տարիներուն քանի մը անգամ փոխուած է Սահմանադրութիւնը: «Պէտք է յարգէ կարգը, նոյնիսկ եթէ դժուարութիւններ ունենայ, որովհետեւ հասկնալի է, որ 20 տարի երկիրը կը ղեկավարուէր ուժի մը կողմէ, եւ երբ ինք եկաւ իշխանութեան, չէր կրնար մէկ վայրկեանէն  փոխել Սահմանադրութիւնը», ըսաւ ան:

Մուրատեան դիտել տուաւ, թէ սփիւռքի մէջ կայ  այն կարծիքը, որ Հայաստանի մէջ իրավիճակը լարուած է, եւ կ՛ուզեն, որ վարչապետը երկրին մէջ անպայման զարգացնէ ժողովրդավարութիւնը: «Խախտելով Սահմանադրութիւնը, ան չի կրնար երկիրը տանիլ ժողովրդավարութեան, եւ եթէ շարունակէ նոյն քայլերը կատարել, կը նշանակէ, որ կը բաժնէ ժողովուրդը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի մէջ: Սփիւռքի մէջ բոլորիս համար շատ կարեւոր է ազգային միասնականութիւնը: Մենք կրնանք ընդունիլ մեր բոլոր տարբերութիւնները, եւ այդ պատճառով է, որ երկրին մէջ կայ իշխանական  մեծամասնութիւն եւ ընդդիմութիւն: Ժողովրդավարական երկրի մէջ ընդդիմութիւն ունենալը պայման է: Անիկա պէտք է ըլլայ, որ առաջարկներ բերէ, որ կռուի իշխանութեան հետ, երկխօսութիւն կատարէ իշխանութեան հետ, օգնէ անոր», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «իշխանութիւնները արագ որոշումներ կայացնելով, չյարգելով տարբերութիւնները, մերժելով բանավէճը պիտի սխալին, արդիւնքը դրական չի կրնար ըլլալ», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով սփիւռքին` Մուրատ Փափազեան ըսաւ. «Սփիւռքը պետութեան տրամադրութեան տակ է` պետութեան հզօրացման համար: Սփիւռքը միշտ եղած է արտաքին աշխարհին մէջ Հայաստանի ոչ պաշտօնական դիւանագէտը: Երբ արտաքին աշխարհը Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի գործունէութեան իբրեւ հետեւանք հակի հակահայկական դիրքորոշում ունենալու, սփիւռքը այդտեղ է` պայքարելու համար, որպէսզի ատիկա տեղի չունենայ»:

 

Նախորդը

Ֆրանսահայ Ժանն Բարսեղեան Ընտրուեցաւ Սթրազպուրկի Քաղաքապետ

Յաջորդը

Պէյրութի Վ. Թէքէեան Վարժարանը Ճակատագրական Հանգրուանի Առաջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան  Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ

October 6, 2026
Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի
Գլխաւոր լուրեր

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.