ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
Այն անձի’քը որոնք ծանօթ են Լիբանանի նախա-քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, վառ կերպով պիտի յիշեն թէ որքանո’վ այդ ժամանակաշրջանի Զոքաք Պլաթի Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը, և անկէ աշխարհագրականօրէն ո’չ շատ հեռու գտնուող Քանթարիի Հայ Աւետարանական Գոլէճը (իմա’ Քաղաքի Հայ Սքուլը), իւրաքանչիւրը իր 800-1000 աշակերտութեամբ, իր ուսման բարձր մակարդակով, և այլ առաւելութիւններով կը գրաւէին Լիբանանի Հայ վարժարաններուն պատուանդանը(*): Անշուշտ, նո’յնպէս ո’չ շատ հեռու կար ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեանը, որ նաեւ կը փորձէր մրցիլ այս երկու առաջատարներուն հետ, բայց այդ ուրիշ նիւթ:
Նաեւ անոնք որոնք կը յիշեն օրուայ Ճեմարանն ու Քաղաքի Հայ Սքուլը, անկասկած որ կը մտաբերեն այս երկու վարժարաններու մրցակցութիւնն ու զիրենք բնութագրող տարբերակումները, երբ հարցերը վերաբերէին ուսումնական մեթոտներուն, ազգային-կրօնական դաստիարակութեան մօտեցումներուն, տիսիբլինի մեկնաբանութեանց, ազատական ընդ պահպանողական կենցաղավարական փախումներուն, մարզական խաղերու մրցակցութեան, կեանքի փիլիսոփայութեան, եւլն:
Ա’յդ իսկ պատճառով որոշակիօրէն զարտուղի կրնայ թուիլ որ Քաղաքի Հայ Սքուլական մըն է հո’ս, որ կ’անդրադառնայ Ճեմարանի 90-ամեակին:
Նախ ըսեմ որ իբրեւ ՀԱԳ-ականներ, մենք զմեզ չստորադասելով հանդերձ, ակնածանքով կը դիտէինք Ճեմարանը: Մեզմէ անոնք որոնք Դաշնակցական էին ՀԱԳ-ի մէջ, կամ ՀՅԴ-ի գաղափարախօսութեան համակիրներ, գիտէինք որ Լեւոն Շանթի, Վահան Փափազեանի (Կոմս), Սիմոն Վրացեանի և այլոց Ճեմարանը կրնար մի’այն հպարտութեան շարժառիթ ստեղծել մեզի, հակառակ որ մեզի համար ան «միւս» դպրոցն էր: Նա’եւ գիտէինք որ ՀԱԳ-ի մէջ առնուազն նոյնքա’ն – եթէ ոչ աւելի – դժուար պիտի ըլլար Դաշնակցական մեծնալ քան Դաշնակցութեան օրրան Ճեմարանէն ներս: Պէտք էր մենք ՀԱԳ-ի մէջ լոստի ձուկի (salmon) նման սորվէինք լողալ տարբեր տեսակի ջուրերու մէջ, անուշ և աղի, և ալ խառն: Իսկ մեզմէ այն ՀԱԳ-ականները որոնք Դաշնակցականամիտ չէին, ձայնաւոր թէ անձայն կը գիտակցէին ու կ’անդրադառնային Ճեմարանի կոթողային իրողութեան, ու համասփիւռքեան անոր ստանցնած դերի կարեւորութեան:
Այս զգացումները մեզ կրկնապէս հարուստ ըլլալու տպաւորութիւնը կը թողնէին: Մէկ կողմէ ունէինք 1923-ին հիմնուած մեր ՀԱԳ-ը, որ Աւետարանական իր նկարագիրով, իր Ա. Եկեղեցիով ու ամենօրեայ պաշտամունքներով, պահպանողական ըլլալով մէկտեղ նորարարութիւն ջատագովող, ու գիտութիւններ ջամբող հաստատութիւնն էր: Նոյնպէս ունէինք Ճեմարանը, որ ՀՅԴ-ի հովանիին տակ գործելուն առընթեր, լոյս կը սփռէր բոլորին անխտիր, Սփիւռք կերտելով, ուսման բարձր մակարդակ հովանաւորելով, կարծէք քիչ մը աւելի ազատամիտ մօտենալով ու աշակերտութեան մէջ նախաձեռնութեան ոգիին աւելո’վ թափ տալով: Դաշնակցական մարդ եղիր, և հարուստ մի’ զգար դուն զքեզ այս դրուածքին մէջ:
Իսկ երբ աւելցնենք այս բոլորին վրայ Հայաստանի Ա Հանրապետութեան ղեկավար սերունդով (Շանթ, եւլն) սկսած Ճեմարանի բազմատասնեակ տարիներու տնօրէն Հրաչ Տասնապետեանի, և ՀԱԳ-ի աւելի քան յիսնամեայ տնօրէն Զաւէն Մսըրլեանի անհատականութիւններն ու անոնց ղեկավարած դպրոցներու հեռանկարային մօտեցումները, ապա այս երկու վարժարաններուն էութիւնն ու առաքելութիւնները աւելիո’վ կ’ամբողջացուին: Ու զաւեշտային ձեւով եթէ աւելցնենք որ ՀՄԸՄ-ի կազմակերպած միջ-դպրոցական ԼԵՎԱՄ-ի խաղերու Ճեմարան-ՀԱԳ գրեթէ ամենամեայ աղջկանց ու տղոց պասքէթպոլի աւարտականները կը ստանային անհամեմատօրէն մեծ կարեւորութիւն և տարածք, ապա պատկերը բաւականին կ’ամբողջանայ: Եթէ յիշողութիւնս չդաւաճանէ զիս, ՀԱԳ-ը մի’շտ մէկ կէտով կը յաղթէր այս աւարտականներուն, 66-65: Հակառակ որ Ճեմարանական ընկերներս ճի’շդ շրջուած արդիւնքն է որ կը յիշեն, անշուշտ ի նպաստ Ճեմարանի’ 66-65:
Աւարտելու համար, կարծէք 60-ականներու և 70-ականներու Արեւմտեան Պէյրութի, կամ առհասարակ Պէյրութի հայկական պատմագրութեան մէկ կարեւոր գլուխը, կամ էջը, այս Ճեմարան-ՀԱԳ կառուցողական մրցակցութիւնն էր («ո՞վ աւելի թիւով աշակերտ յաջողցնելու է պետական քննութիւններուն», «ո՞վ աւելի մարդ բարձր համալսրաններ հասցուց»…), բայց նաեւ գրկբաց անոնց միջեւ գոյակցութիւնը և զիրար ընդունումը’ այնպէս ինչպէս որ անոնք էին: Մէկը միւսով հպարտանալով (լուռ թէ խօսուն), մէկը միւսով հզօրանալով, ինչու՞ չէ մէկը միւսին բարի նախանձելով – եթէ այդպէս բան կարելի էր: Մի’շտ գիտակցելով որ վերջ ի վերջոյ, ազգն էր որ կը շահէր, հայկական Սփիւռքն էր որ կը կերտուէր, Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնն էին որոնք կը փառքաւաճէին:
***
Տարիներու թաւալումով, ու պատերազմի հետեւանքներու բերմամբ, ՀԱԳ-էն ու Ճեմարանէն սերունդներ կամայ թէ ակամայ փոխադրուեցան Լիբանանէն դէպի նոր ափեր: Ամենուրէք’ Ճեմարանական ու Քաղաքի Հայ Սքուլական այս հասկացողութիւնը, փոխադարձ յարգանքը, ինչու՞ չէ ԼԵՎԱՄ-ական մրցակցութիւնը, բայց նաեւ իւրաքանչիւրիս միւսին Դպրոցին հանդէպ ունեցած ակնածանքը մնացին խարսխուած մեր մէջ: Որովհետւ իւրաքանչիւրս գիտէինք թէ’ մեր ունեցածը, եւ թէ միւսին ունեցածը:
90-ամեայ տարեդարձդ շնորհաւոր վիթխարի Ճեմարան: Թո’ղ որ ընթացքդ շարունակուի անխափան, ի սպաս Սփիւռքի նորահաս Հայ սերունդներու պատրաստութեան:
Լոս Անճելըս, Յունիս 2020
(*) Ճանչցուած վարժարաններու թիւը փոքր չէր: Նշենք Հռիփսիմէանցը, Էշրէֆիէի Հայ Սքուլը (ԿԲՎ), Մեսրոպեանը, եւլն: