Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահմանադրական Դատարանի Նախագահին Եւ 3 Այլ Անդամներու Պաշտօնավարութիւնը Դադրեցաւ

June 27, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

26 յունիսին ուժի մէջ մտան 22 յունիսին Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւնները:

Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքէջին մէջ նշուած է. «Մինչեւ Սահմանադրութեան 7-րդ գլուխին ուժի մէջ մտնելը նշանակուած եւ Սահմանադրական դատարանի անդամի կամ դատաւորի պաշտօնին վրայ ընդհանուր տեւողութեամբ ոչ պակաս, քան 12 տարի պաշտօնավարած Սահմանադրական դատարանի անդամի (դատաւորի) լիազօրութիւններու ժամկէտը կը նկատուի աւարտած, ուստի կը դադրի անոր պաշտօնավարութիւնը»:

Հաղորդագրութեան համաձայն, նշուած կանոնակարգումներով դադրած է Հրայր Թովմասեանի պաշտօնավարութիւնը` իբրեւ Սահմանադրական դատարանի նախագահ, ինչպէս նաեւ Սահմանադրական դատարանի դատաւորներ (անդամներ) Հրանդ Նազարեանի, Ֆելիքս Թոխեանի, եւ Ալվինա Գիւլումեանի պաշտօնավարումը:

Հրանդ Նազարեան Սահմանադրական դատարանի անդամի կամ դատաւորի պաշտօն վարած է աւելի քան 24 տարի, Ֆելիքս Թոխեան` աւելի քան 22 տարի, Ալվինա Գիւլումեան` աւելի քան 12 տարի:

Հայաստանի Սահմանադրութեան 213 յօդուածին 3-րդ մասին համաձայն, Սահմանադրական դատարանի երեք դատաւորներու թափուր տեղերուն համար առաջադրումները պէտք է կատարուին յաջորդաբար կառավարութեան, Հանրապետութեան նախագահին եւ դատաւորներու ընդհանուր ժողովին կողմէ երկամսեայ ժամկէտի ընթացքին, որ կը սկսի 27 յունիսէն:

Ներկայիս նկատի ունենալով այն, որ Սահմանադրական դատարանի նախագահ չէ ընտրուած տակաւին, իսկ Ալվինա Գիւլումեանի` որպէս Սահմանադրական դատարանի անդամի (դատաւորի) լիազօրութիւններու ժամկէտը դադրած է, Սահմանադրական դատարանի նախագահի պարտականութիւնները կը կատարէ Սահմանադրական դատարանի դատաւորներէն ամէնէն երէցը` աւագ դատաւոր Աշոտ Խաչատրեանը (1962-ի ծնունդ):

Նախորդը

Պուքիքիօ. «Սահմանադրութեան Նկատմամբ Յարգանքը Իրաւունքի Գերակայութեան Սկզբունքի Հիմնական Պահանջ Է»

Յաջորդը

Կիլիկիոյ Հայրապետին Նուիրուած 117 Տարեկան Մաղթերգի Հեղինակին Ծոռը, Արդարօրէն Հպարտ Է… Ձօն` Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան Եւ Օծման 25-ամեայ Յոբելեանին

RelatedPosts

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Կազմը
Գաղութային

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Կազմը

January 17, 2026
Ակնարկ.  Հեռու` Տեղեկատուական Աղմուկէ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հեռու` Տեղեկատուական Աղմուկէ

January 17, 2026
Թրամփ Կազայի Մէջ Խաղաղութեան  Խորհուրդի Ստեղծումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Մէջ Խաղաղութեան Խորհուրդի Ստեղծումը Յայտարարեց

January 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.