Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 24, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1622-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 19 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 12-ը տեղացիներ են, իսկ 7-ն` արտերկրի լիբանանցիներ: «Քորոնա» ժահրով ցարդ 32 վարակուածներ մահացած են, իսկ 1098 ուրիշներ` ապաքինած:

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ հինգշաբթի, 25 յունիս 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ իր ընթացիկ նիստը:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչի պաշտօնակատար դատախազ Ֆատի Աքիքի գործիչ Քինտա Խաթիպը ամբաստանեց` Իսրայէլի հետ գործակալութիւն կատարելու յանցանքով: Աքիքի Խաթիպի թղթածրարը փոխանցեց Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազի պաշտօնակատար Ֆատի Սուուանի, որպէսզի հարցաքննէ զայն եւ անոր դէմ բերման գիր արձակէ:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազութիւնը սէյիտ Ալի Ամինը ամբաստանեց իսրայէլացի պատասխանատուներու հետ հանդիպումներ ունենալու յանցանքով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք օժանդակութիւններն ու լիբանանեան իրադարձութիւնները: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Ճորժ Պըրկլինն ու Քանատայի դեսպան Էմանուէլ Լամուրոն, որոնց այցելութիւնները ունէին հրաժեշտի բնոյթ` Լիբանանի մէջ անոնց դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա կոչ ուղղեց գումարելու ելեւմտական նիստ մը, որուն ներկայ կ՛ըլլան բոլոր պատասխանատուները, որպէսզի անոնք կարենան մէկ մօտեցումով եւ նոյն թիւերով դուրս գալ` առանց առեղծուածներ ստեղծելու:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Ատուան ընդգծեց, որ կարելի չէ օրէնքի պետութիւն փոխադրուիլ, առանց անկախ դատական իշխանութեան:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ պատժամիջոցները լիբանանեան պետութիւնը կը տկարացնեն եւ ոչ թէ Հըզպալլան: Ան հաստատեց, որ լիբանանեան պետութենէն պահանջուած է իսկական թիւերու մասին խօսիլ եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ լրջութեամբ վարուիլ:

Նախորդը

«Մենք Հոս Ենք, Այս Երկրի Հիմնադիր Համայնք Ենք, Եւ Այս Երկրին Պարտաւորութիւնն Է` Լիբանանեան Պետութիւն Եւ Բոլոր Համայնքներ, Նոյն Ձեւով Վերաբերելու Մեզի Հետ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Պաապտայի Հինգշաբթի Օրուան Երկխօսութեան Հանդիպումը Տեղի Պիտի Ունենայ

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.