Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Խորհրդային Միութեան Պետութիւնները Հսկայական Տարածքով Ռուսական Հողեր Ստացած Են», Կ՛ըսէ Փութին

Յունիս 23, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «Ռոսիա 1» պատկերասփիւռի կայանի «Մոսկուա. Քրեմլին. Փութին» հաղորդման ժամանակ յայտարարած է, թէ Խորհրդային Միութեան ստեղծման ժամանակ անոր կազմին մէջ մտած հանրապետութիւնները «ստացած են հսկայական տարածութեամբ ռուսական հողեր» եւ «աւանդական ռուսական պատմական տարածքներ»: Նախագահին կարծիքով` Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս գալու ընթացքին այդ հանրապետութիւններէն իւրաքանչիւրը «պէտք է դուրս գար այնպէս, ինչպէս եղած էր», ոչ թէ «իրեն հետ տանէր ռուս ժողովուրդին նուէրները»:

Փութին չէ յստակացուցած, թէ ո՛ր հանրապետութիւններն ու հողերը նկատի ունի` նշելով միայն, թէ «Խորհրդային Միութեան ստեղծման ժամանակ պայմանագիրին մէջ գրուած էր ատկէ դուրս գալու իրաւունքը, սակայն ճշդուած չէին ընթացակարգերը»:

Նոյն ատեն Փութին անգամ մը եւս յայտարարած է, թէ 2014 թուականին Խրիմի` Ռուսիոյ միացումը «թերակղզիի բնակչութեան ժողովրդավարական ընտրութիւնն էր»:

«Խրիմը միշտ մերը եղած է, նոյնիսկ իրաւաբանական տեսանկիւնէ», նշած է Ռուսիոյ նախագահը:

Յիշեցնենք, որ Խրիմը Ռուսիոյ միացած է 2014 թուականին` հանրաքուէի իբրեւ արդիւնք: Ուքրանիան կը շարունակէ Խրիմը իրը համարել:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով աւելի ուշ` մեկնաբանելով նախագահ Փութինի այդ յայտարարութիւնը, նշեց, որ Ռուսիան իր դրացիներու նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունի:

«Ո՛չ, Ռուսիան տարածքային պահանջներ չունի դրացիներէն», շեշտեց Փեսքով:

 

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրով Վարակման Պարագաներուն Թիւը Մրցանշային Աճ Կ՛արձանագրէ

Յաջորդը

Նիւ Եորքի Մէջ Կը Կազմաքանդուի Թէոտոր Ռուզվելթի Արձանը

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?