Գերմանիոյ, Սպանիոյ եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւններուն նման, նախորդ շաբաթավերջին վերսկսաւ նաեւ Իտալիոյ ախոյեանութիւնը՝ «Քալչիո»-ն:
Իտալիոյ ընդմիջուած ախոյեանութիւնը վերսկսաւ Թորինօ-Փարմա մրցումով: Անիկա աւրտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ մը:
Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնար 26-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Անգլիոյ պարագային, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլ, 0-0 հաւասարութիւն մը արձանագրեց Էվըրթընի հետ՝ Լիվըրփուլ քաղաքի տերպիի մրցումին (30-րդ հանգրուան):
Ինչ կը վերաբերի Սպանիոյ ախոյեանութեան, 30-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Ռէալ Սոսիետատի դաշտէն 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք, Ռէալ Մատրիտ պարագլուխի դիրքը խլեց Պարսելոնայէն, որ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սեւիլլայի դաշտին վրայ: Ռէալ Մատրիտի կոլերը նշանակեցին՝ Սերճիօ Ռամոս (50-րդ՝ փենալթիով) եւ Քարիմ Պենզեմա (70-րդ):
Նշենք, որ այժմ Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա ունին 65-ական կէտ: