Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Որոշումով Ընդհանուր Զօրաշարժը Երկարաձգուեցաւ Մինչեւ 7 Յունիս

May 22, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւը Հասաւ 1024-ի,
Մահուան Պարագաներուն Թիւը Մնաց 26,
Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը Հասաւ 663-ի

Լիբանանեան իշխանութիւնները կը շարունակեն «Քորոնա» ժահրին դէմ իրենց պայքարը, որուն շրջագիծին մէջ կը պարտադրեն քաղաքացիներուն կողմէ նախազգուշութիւններու որդեգրումը, ինչպէս նաեւ կը հսկեն ինքնաշարժի թիւերուն պարագային` ճշդուած օրերուն ընթացքին շրջագայութեան, ծովափը քալելու ժամերը յարգելու, համախմբումները ցրուելու, ինչպէս նաեւ երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00 կրակմարի դրութիւնը յարգելու:

Հակառակ երկրին ամբողջական փակումը դարձեալ կրկնելու իմաստով տարածուած շշուկներուն, կառավարութիւնը նման որոշում չտուաւ, այլ` որդեգրեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի յանձնարարութիւնը, որուն հիման վրայ 24 մայիսին աւարտող ընդհանուր զօրաշարժը երկու շաբաթով յետաձգեց, այսինքն` մինչեւ 7 յունիս:

Բայց եւ այնպէս «Քորոնա» ժահրի տարածման դէմ պայքարող Լիբանանի ազգային խորհուրդը պիտի խնդրէ այն շրջաններէն, ուր մեծ թիւով վարակուածներ կան, աւելի խիստ միջոցներ որդեգրել` պահպանելու համար լիբանանցիներուն առողջութիւնը:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 1024-ի, վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են 63 վարակուածներ, որոնցմէ 36-ը Լիբանանի մէջ բնակող քաղաքացիներ են, իսկ մնացեալ 27-ն` Լիբանան հասած արտերկրի լիբանանցիներ, որոնցմէ 25-ը` Քուէյթէն Լիբանան հասած արտերկրի լիբանանցիներ:

Նախարարութիւնը նշեց նաեւ, որ 21 փետրուար 2020-էն ի վեր Լիբանանի մէջ արձանագրուած են 26 մահուան պարագաներ, իսկ ապաքինած են 663 ուրիշներ:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ աղօթավայրերուն արտօնած են վերաբանալ իրենց դռները, պայմանով որ անոնք որդեգրեն վարակումը կանխարգիլելու նախազգուշական բոլոր միջոցները:

«Քաղաքացիները պէտք է ըմբռնեն մեր դիմագրաւած փուլին նրբութիւնը, յատկապէս այն իրականութիւնը, որ մեծ թիւով արտերկրի լիբանանցիներ կը վերադառնան Պէյրութ», ըսաւ ան:

Իր կարգին, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի յայտնեց, որ երկրին մասնակի վերաբացումին նպատակն է օրական ապրուստը ապահովել, «սակայն վարակուածներու թիւին աճ արձանագրելուն պարագային` երկիրը դարձեալ պիտի փակենք», հաստատեց ան:

Նշենք, որ երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայան հասան «Միտըլ Իսթ»-ի վեց օդանաւեր, որոնք Տոհայէն, Փարիզէն, Քազապլանքայէն, Լակոսէն, Լոնտոնէն եւ Զամպիայէն արտերկրի լիբանանցիներ փոխադրեցին Պէյրութ:

 

Նախորդը

Կառավարութիւնն Ու Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչը Առաւելագոյն Չափով Պիտի Գործակցին

Յաջորդը

Աննա Նաղդալեան. «Հայաստանը Պիտի Պաշտպանէ Արցախի Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքը Առանց Որեւէ Սահմանափակումի»

RelatedPosts

Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»
Գաղութային

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.