Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն ՖԻՆԻՒԼ-ի Հրամանատարէն Պահանջեց Լիբանանի Գերիշխանութեան Դէմ Գործուած Ոտնձգութիւններուն Վերջ Մը Տալ

May 22, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ  ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆան Տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը:

Նախագահ Աուն դրուատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ջանքերը` Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան առումով, եւ ընդգծեց այդ առումով Լիբանանի յանձնառութիւնը:

Նախագահ Աուն հաստատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` լուծելու համար այն հարցերը, որոնք կը պատահին շրջանի գիւղաքաղաքներուն եւ քաղաքացիներուն հետ, ինչպէս նաեւ Տել Քոլէն պահանջեց Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւններուն վերջ մը տալ:

Իր կարգին, Տել Քոլ նախագահ Աունին ներկայացուց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն կատարած աշխատանքներն ու լիբանանեան բանակին հետ անոնց գործակցութիւնը` պահպանելու համար սահմանային Կապոյտ գիծին կայունութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ վերջերս Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ կատարուած խորհրդակցութիւնները, որոնք կը վերաբերէին ՖԻՆԻՒԼ-ի ապագային եւ անոր վստահուած պարտականութեան, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի Նաքուրայի կեդրոնին մէջ լիբանանեան բանակին, միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ իսրայէլեան ուժերուն միջեւ տեղի ունեցող եռակողմանի հանդիպումներուն մանրամասնութիւնները:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար, դատաւոր Թարեք Մաժզուպը: Քննարկուեցան 2019-2020 ուսման տարեշրջանին, ինչպէս նաեւ կառավարութեան որոշումով պետական քննութիւնները չեղեալ նկատելու վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Աուն եւ Մաժզուպ քննարկեցին առողջապահական պայմաններն ու «Քորոնա»-ի համաճարակին ունեցած հետեւանքները ուսումնական տարեշրջանին վրայ:

Նախորդը

Պըրրի Այսօր Կէսօրին Իր Խօսքը Կը Փոխանցէ Լիբանանցիներուն

Յաջորդը

Կառավարութիւնն Ու Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչը Առաւելագոյն Չափով Պիտի Գործակցին

RelatedPosts

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը  Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն  Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»
Լիբանանեան

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»

November 10, 2026
Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք.  Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց,  Որ Մեծ Փոփոխութիւններու  Առջեւ Կանգնած Ենք»
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք. Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց, Որ Մեծ Փոփոխութիւններու Առջեւ Կանգնած Ենք»

November 10, 2026
Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք  Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման  Իրագործման Համար Բանակցութեան»
Լիբանանեան

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման Իրագործման Համար Բանակցութեան»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.