Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկու անջատ նամակներ ուղարկած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին` պահանջելով, որ Թուրքիոյ վրայ ճնշում գործադրեն Սուրիոյ Հասաքէ շրջանի աւելի քան 600 հազար բնակչութեան ըմպելի ջուրի արգելափակման համար: Այս մասին կը հաղորդէ ՍԱՆԱ:
«Թուրքիոյ բռնագրաւող ուժերը եւ ահաբեկիչները կը շարունակեն իրենց յանցաւոր գործողութիւնները Հասաքէ քաղաքի եւ անոր շրջակայ բնակչութեան դէմ: Թրքական վարչակարգը արդէն երրորդ օրն է, որ կը շարունակէ արգելափակել խմելու ջուրի մատակարարումը: Ատիկա պատճառ կը դառնայ, որ աւելի քան 600 հազար հոգի` մեծամասնութիւնը կիներն ու երեխաները, զրկուին ջուրէ: Ուլիւք ջրային կայանը այս պահուս ջուրի միակ աղբիւրն է», կը նշէ նամակին մէջ:
Դամասկոս ՄԱԿ-էն կը պահանջէ քննադատել Թուրքիան` անոր յանցաւոր գործողութիւններուն համար եւ ստիպել, որ դադրեցնէ միջազգային արժեչափերու խախտումը:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յիշեցուցած է, որ Թուրքիան առաջին անգամ չէ, որ այդպիսի գործողութիւն կը կատարէ` Սուրիոյ մէջ սեփական նպատակներուն հասնելու համար: Այսպէս թրքական բանակը հոկտեմբեր 2009-ին յարձակած էր Ուլիւք կայանի վրայ եւ վնաս հասցուցած անոր ենթակառոյցներուն: