Ֆրանչիսկոս պապը երէկ «Քորոնա» ժահրէն աշխարհի փրկութեան համար իր կատարած աղօթքի ընթացքին յայտնեց. «Բժիշկները, հիւանդները, հիւանդապահուհիները, քահանաներն ու վարդապետները, որոնք հիւանդներու կողքին կը կանգնին, մարդկութիւնը ցաւերէն փրկելու համար կ՛աշխատին»:
Պապը յոյս յայտնեց, որ «աշխարհը հարուածող այս փոթորիկին մէջ Տիրոջ օրհնութիւնը իջնէ մեր վրայ»:
«Այս աշխարհի վրայ մենք մեզ ուժեղ կը կարծենք, եւ կարծեցինք, թէ հիւանդ աշխարհի մը մէջ առողջ պիտի մնանք, ուստի ո՛վ Տէր մենք փրկութիւն եւ հաւատք կը խնդրենք: Այս պահքի ընթացքին Քեզի կը հաւատանք եւ Քեզի կը մօտենանք: Բոլորս հրաւիրուած ենք վախ չսերմանելու, այլ յոյս ներշնչելու աշխատանք տանելու: Հաւատքի սկիզբը գիտնալն է, թէ փրկութեան կը կարօտինք, եւ Տիրոջմէ կը խնդրենք, որ մուտք գործէ մեր կեանքի նաւուն մէջ, որովհետեւ Տէրը մեզի ուժ կու տայ, եւ Աստուծոյ հետ կեանքը երբեք չի մեռնիր: Ինչպէս նաեւ Աստուած մեզ դժուարութեան ժամանակ կը հրաւիրէ միասնականութեան եւ իրարու հետ եղբայրաբար ապրելու», նշեց Ֆրանչիսկոս պապը: