Ռուս արհեստավարժ կռփամարտիկ Պետրոս Անանեան, Լաս Վեկասի մէջ (Մ. Նահանգներ) տեղի ունեցած վարկանշային 10 ռաունտնոց մենամարտին, իրաւարարներու միաձայն որոշումով, յաղթեց Սուպրիել Մաթիասին (Փորթօ Ռիքօ):

Ան այսպիսով արձանագրեց իր 15-րդ յաղթանակը` 2 պարտութիւններու եւ 2 հաւասարութիւններու կարգին:
Իսկ անոր մրցակիցը, որ արձանագրած էր 15 յաղթանակ, կրեց իր արհեստավարժ ասպարէզին առաջին պարտութիւնը:
31 տարեկան Անանեան, որ ծնած է Հայաստանի Աբովեան քաղաքին մէջ, այս մենամարտէն ետք յայտարարեց, որ իր այս յաղթանակը կը նուիրէ հաւաքականի իր խմբակիցին` Մաքսիմ Տատաշեւին, որ յուլիս 2019-ին, նոյնինքն Մաթիասի հետ իր կատարած մենամարտէն ետք գլխու հարուածին պատճառով մահացած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ: