Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական . Սուրիոյ Խորհրդարանի Ճանաչումը. Պատմական Ենթահող Եւ Քաղաքական Պահ

Փետրուար 17, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ խորհրդարանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը, բնականաբար, քաղաքական ժամանակահատուածի թելադրած տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ պէտք է ընկալել: Սակայն անհրաժեշտ է այս առիթով քանի մը կարեւոր հանգամանք լուսարձակի տակ առնել:

Սուրիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ ընդունիլը ոչ միայն պատմական իրադրութիւններու փաստերու վրայ  հիմնուած է` այն իմաստով, որ տարագրութիւնն ու Ցեղասպանութիւնը իրականացուած են կարեւոր բաժիններով սուրիական տարածքներու վրայ, եւ թէ սուրիացի ժողովուրդը առաջինը եղած է Ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուածներու տեղակայումները կազմակերպող:

Ճանաչումը ունի շատ աւելի անմիջական հեռաւորութեամբ պատմական մը: Առաջին քայլը  կարելի է համարել 2014-ին Սուրիոյ նախագահին կատարած յայտարարութիւնը «Ա. Էֆ. Փէ.» լրատու գործակալութեան, երբ ան Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող վայրագութիւնները համեմատեց Օսմանեան կայսրութեան  կողմէ 1,5 միլիոն հայերու ոչնչացման հետ: Անկէ անմիջապէս ետք  ՄԱԿ-ի մէջ նոյնանման արձագանգ կատարեց ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ դեսպանը: 2015-ին Սուրիոյ խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նուիրուած յատուկ նիստով ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:

Կարեւոր հանգամանք մը եւս պէտք է յիշել այս առումով: Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Տէր Զօր կատարած այցելութեամբ` Տէր Զօր-Օշվից փոխադարձ համեմատութիւններ կատարելով,  պարզ դարձուց, որ Երեւանը կը նախապատրաստուի Դամասկոսի հետ համատեղ 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներուն, ներառել Տէր Զօրի մէջ կայանալիք միջազգային հնչեղութիւն ունեցող ոգեկոչական իրադարձութեան մը: Յստակ էր, որ Երեւանի եւ Դամասկոսի վարիչները համաձայնած էին Տէր Զօրը վերածել  ընդհանրապէս ցեղասպանութեան ոգեկոչման միջազգային կեդրոնի:

Ենթահողը ուրեմն, որ հարթուած էր հիմնականին մէջ տեղւոյն համայնքի տարբեր բաժանմունքներու կողմէ` տարուած լուսաբանման, իրազեկման բազմակողմ աշխատանքներով, կը համալրուէր Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան կողմէ, երբ նման մակարդակի վրայ Ցեղասպանութեան նահատակները ոգեկոչելու ազդանշանը կը տրուէր: Սուրիական պատերազմը պատճառ պիտի ըլար, որ Տէր Զօրի միջազգայնացման ծրագիրը չիրականացուէր: Իսկ նման ծրագիրի մը ազդարարումը հաւանաբար նաեւ իր հերթին, պատճառ ըլլար յուշակոթողի եւ եկեղեցւոյ ռմբահարման, պայթեցման:

Քաղաքական այս յայտարարութիւնները կը նախանշէին, որ ճանաչման-դատապարտման բանաձեւը առկայ է եւ պատրաստ` քուէարկուելու: Յայտարարութիւններու եւ շեշտադրումներու միտումները բնականաբար կապուած են Դամասկոս-Անգարա յարաբերութիւններու հետզհետէ լարման ընթացքին հետ: Այդ նախադրեալները կ՛երեւէին նոյնիսկ Տէր Զօրի միջազգայնացումը առաջադրող  յայտարարութեան օրերուն, երբ Դամասկոս -Անգարա բացառիկ մերձեցման յարաբերութիւններու պատկերը կը սկսէր աղօտիլ, հետզհետէ տեղի տալով թշնամական դիրքերէ իրարու հետ խօսակցող պետութիւններու համապատասխան հռետորութեան ծաւալման:

Անկէ ետք արդէն պատերազմ է եւ պատերազմի մէջ բոլորովին հակոտնեայ դիրքերու վրայ կը գտնուին Անգարան եւ Դամասկոսը: Անգարան ոչ միայն կը սատարէ սուրիական ազատ բանակին, այլ ուղղակի կը հովանաւորէ, կը ֆինանսաւորէ եւ կ՛աջակցի սուրիական պաշտօնական բանակին դէմ անհաշտ եւ անտեղիտալի պատերազմ յայտարարած ահաբեկչական խմբաւորումներուն:

Դամասկոսի հետ տրամագծօրէն հակադրուած այս դիրքերէն որոշ տեղաշարժեր կը կատարէ Անգարան` մերթ ընդ մերթ: Այդ տեղաշարժերը կը բացատրուին ռուսական գործօնին հետ: Անգարա- Մոսկուա մերձեցումը ուղղակի թէ անուղղակի կ՛ազդէ Մոսկուայի գործընկեր Դամասկոսի հետ Անգարայի յարաբերութիւններուն վրայ եւ Մոսկուան քաղաքական ըմբռնումով` զսպումի դեր կ՛ունենայ այս ուղղութեամբ:

Մոսկուա-Անգարա ռազմավարական գործընկերութիւնը սակայն ունէր կարճաժամկէտ դրուածք: Երկուքին` Միացեալ Նահանգներուն հետ ունեցած յարաբերակցութեան ելեւէջները տարածաշրջանին մէջ առանցքային գիծ ստեղծելու համատեղ մօտեցումներով  յանգած էին զինուորաքաղաքական գործողութիւններ համակարգելու անհրաժեշտութեան: Ամերիկեան ուժերու մասնակի հեռացումը Սուրիայէն, Անգարայի փայփայած անվտանգութեան գօտիներու ձեւաւորման ծրագիրի չիրականացումը, քրտական գործօնի խաղաթուղթը ընդմիշտ չկորսնցնելու շահարկումները եւ վերջապէս Իտլիպի ուղղութեամբ ռուս-սուրիական ուժերու վճռական քայլերու դիմելը այսօր արդէն գործնապէս խախտած են ռուս- թրքական մերձեցման համաձայնութիւնները: Ինչպէս զինուորական, այնպէս նաեւ քաղաքական վճռորոշ քայլեր առնելու ռուսական կանաչ լոյս ստացած է Դամասկոսը:

Համայնքի տարիներու հետեւողական աշխատանքին, պատմական փաստերուն եւ Սուրիոյ աշխարհագրական միջավայրի ու վերապրողներու փրկութեան աշխատանքներուն առաջինը մասնակցած ըլլալու փաստը, տակաւին, պետական յայտարարութիւնները` Ցեղասպանութեան նշումներով եւ ոգեկոչական որոշումներով, ինչպէս նաեւ Տէր Զօրի միջազգայնացման ուղղութեամբ Երեւան-Դամասկոս համաձայնութիւնները հանգամանքային տուեալներ են`  իբրեւ նախադրեալ խորհրդարանի որոշումին: Իսկ պահուան ընտրութիւնը անպայման կապ ունի Անգարայի նկատմամբ Դամասկոսի ունեցած այսօրուան յարաբերութիւններու իրավիճակին հետ: Ոչ միայն Դամասկոսի, այլ նաեւ Մոսկուայի:

Նախորդը

Միւնիխի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումը

Յաջորդը

Չինաստանի Մէջ Մտադիր Են Մահապատիժի Դատապարտել «Քորոնա» Ժահրի Ախտանիշները Թաքցնողները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?