Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, Ռըսըլ-Ժունիէի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Քինտայի ախոյեանութիւնը` 12-17 տարեկան մարզիկներու մասնակցութեամբ:
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 48 երկսեռ մարզիկներ, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները.
Ռըսոլ Ժունիէ, Պել Հորիզոն-Ատմա, Շեպիպեթ Շիահ, Անթունիէ Պաապտա, Ժամհուր, Մետնըս – Զահլէ, Սանթրալ Ժունիէ, Լուէյզի Զուք Մոսպեհ, Պատի Փաուըր-Ժըպէյլ, Թայկըր Ամիուն, Շաուլին Պէյրութ եւ Սփորթինկ Պէյրութ:
Ապահովելով 26 կէտ, Պել Հորիզոն-Ատմա հանդիսացաւ ախոյեան: Անոր ետին, յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Սանթրալ Ժունիէ (19 կէտ) եւ Պատի Փաուըր (8 կէտ):
40 քկ դասակարգին մէջ, երրորդ դիրքը գրաւեց Քարլօ Կարապետեան (Պատի Փաուըր-Ժըպէյլ):
Իրաւարարներուն կազմին մէջ էր Րաֆֆի Սարգիսեան:
Ախոյեանութեան աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: