ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան դիմատետրի իր էջով գրառում կատարած է` Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նոր նշանակուած նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին:
«Երէկ երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցայ Լիբանանի Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նոր նշանակուած նախարար Վարդինէ Օհանեանին հետ: Շնորհաւորեցի զինք Լիբանանի համար զգայուն ժամանակաշրջանի մը այդ կարեւոր մարզի պատասխանատուութիւնը անոր վստահելու առիթով:
Տիկին Օհանեանը մաղթեց, որ անխաթար ըլլայ Արցախի կայունութիւնն ու զարգացման գործընթացը եւ յոյս յայտնեց, որ առիթ ունենայ այցելելու Արցախ` միացեալ ուժերով կեանքի կոչելու համագործակցութեան նոր ծրագիրներ»: