Հինգշաբթի, 23 յունուար 2020-ին, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան ընդունեց Լիբանանի նոր նշանակուած Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը` ՄԱՀԱԵՄ-ի կեդրոնատեղիին մէջ, ընկերակցութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի:
Վեր. Գարակէօզեան շնորհաւորեց նախարարը իր նշանակումին համար` յիշելով, թէ ամէն բանէ վեր ծառայութիւն մըն է Լիբանանին եւ սիրոյ պարտք մըն է հայ ժողովուրդին կողմէ` զայն հիւրընկալող այս հարազատ երկրին: Նախարար Օհանեան իր կարգին շեշտեց նոր կառավարութեան շուտափոյթ աշխատանքի կարեւորութիւնը` տագնապող լիբանանցիներուն օգտին համար:
Հանդիպումի աւարտին` վեր. Գարակէօզեան վստահեցուց, որ Հայ աւետարանական համայնքը նախարար Օհանեանի կողքին պիտի կանգնի իր աղօթքներով, եւ իրեն ու ամբողջ կառավարութեան մաղթեց յաջողութիւն ու կորով: