Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրօ Մանոյեան. «Ճիշդ Ժամանակն Է Հայաստանի Հանրապետութիւն – Արցախի Հանրապետութիւն Ռազմաքաղաքական Դաշինք Կնքելու»

Յունուար 17, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ տարուող բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանի իշխանութիւններուն քայլերէն յստակ կը դառնայ, որ անոնք ո՛չ ռազմավարութիւն ունին, ո՛չ ալ հայեցակարգ:

«Օրինակ` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Պրաթիսլաւայի մէջ յայտարարութիւն կը կատարէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի Արցախի ժողովուրդի կամքի արտայայտութեան հիման վրայ, սակայն Արցախը, Արցախի ժողովուրդը իր կամքը արտայայտած է ե՛ւ 1991-ի, ե՛ւ 2006-ի հանրաքուէներով, ե՛ւ 2017-ի սահմանադրութեան հանրաքուէով: Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ այս բոլորին  անտեսումը ցոյց կու տայ, որ անոնք Արցախի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ յստակ քայլերու չեն ձեռնարկեր», յայտնեց Մանոյեան` նշելով, որ վարչապետ Փաշինեան Արցախի հարցին վերաբերեալ պարբերաբար կ՛ընէ իրերամերժ յայտարարութիւններ, որոնք կը թուլցնեն Հայաստանի դիրքերը միջազգային իրականութեան մէջ:

«Վարչապետը կը նշէ, որ Արցախի իշխանութիւնները պէտք է մասնակցին բանակցութիւններուն, սակայն Ազրպէյճանի նախագահին հետ հանդիպումէն առաջ Ազգային ժողովին Նիկոլ Փաշինեանը կը յայտարարէ, որ Արցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւնները միակարծիք են Արցախի հարցի լուծման շուրջ: Ասկէ բացի, Հայաստանի վարչապետը Ստեփանակերտի հրապարակէն կը յայտարարէ` «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»: Այս բոլորէն պարզ է` չկայ ռազմավարութիւն, տեսլական, հայեցակարգ, եւ ասիկա մենք չենք ըսեր, ասիկա պարզ է իշխանութիւններուն գործողութիւններէն»:

Ըստ Մանոյեանի, ներկայիս աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է եւ ճիշդ ժամանակն է Հայաստան -Արցախ ռազմաքաղաքական դաշինք կնքելու:

Արձագանգելով այն դիտարկման, որ Հայաստանի իշխանութիւնները այս առումով տակաւին որեւէ դիրքորոշում չեն արտայայտած` Մանոյեան պատասխանեց` այդ դաշինքի կնքումը աւելի պիտի մօտեցնէ Արցախի միջազգային ճանաչման, որմէ ալ կը զգուշանայ այս իշխանութիւնը:

 

 

Նախորդը

Նախարար Զոհրապ Մնացականեան Տակաւին Կանուխ Կը Նկատէ Փաշինեան – Ալիեւ Հանդիպման Մասին Խօսիլը

Յաջորդը

Ներկայացուցիչներու Տունը Թրամփի Պաշտօնազրկման Վերաբերեալ Գործը Ուղարկած Է Ծերակոյտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?