Հայկական մարզական լրատուամիջոցները կը տեղեկացնեն, որ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ յատուկ նամակով մը շնորհաւորեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նորընտիր նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործադիր կոմիտէի նոր անդամները:
ՖԻՖԱ-ի նախագահը Արմէն Մելիքբէկեանը հրաւիրած է նաեւ յատուկ հանդիպումի մը` Ցիւրիխի մէջ գտնուող ՖԻՖԱ-ի կեդրոնական գրասենեակին մէջ:
Նամակին մէջ նշուած է, որ Մելիքբէկեան անկասկած պիտի արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերն ու ակնկալիքները` նկատի ունենալով, որ ֆութպոլի մարզին մէջ ունի բաւական մեծ փորձառութիւն: