Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրտի Խօսք

Յունուար 6, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ

Երախտագիտութեամբ եւ սիրով կը գրեմ այս սրտի խօսքս 2019-ի աւարտին, «Ազդակ» օրաթերթի մեծ ընտանիքիս: 2019-ի աւարտին, որովհետեւ 2019-ը իւրայատուկ տարի մը դարձաւ ինծի համար` շնորհիւ «Ազդակ»-ին:

2019-ի յունուարին` իբրեւ «ապագայ լրագրող» ծրագրի շրջանաւարտ, ես միացայ «Ազդակ»-ի համեստ ընտանիքին` դառնալով երիտասարդ աշխատակից ալեհեր, բայց երիտասարդ օրաթերթին: Սա ինքնին պարծանք էր ինծի համար:

Եւ երբ կը կարդայի «Տարեվերջի խմբագրական նիւթեր (Բ.) Ապագայի խնդիրներ» խմբագրականը, մասնաւորապէս «Հաւաքագրուող երիտասարդ տարրերուն մէջ բացի խմբագրական հմտութենէն` կան նաեւ արուեստի հակում ունեցողներ, իրենց երախայրիքը ներկայացնելու պատրաստ երիտասարդներ: «Ազդակ» իրը սեպեց նաեւ նման հմտութիւն ունեցողներուն  արուեստի նմուշներու հանրայնացման պարտականութիւնը` ցուցահանդէսի տեսքով» բաժինը, չկրցայ գրիչս տեղէն չշարժել եւ անգամ մը եւս երախտագիտութիւնս չյայտնել «Ազդակ»-ին, մասնաւորապէս` անոր գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն սիրելի Շահան Գանտահարեանին, ինչպէս նաեւ` խմբագիրներ Արշօ Պալեանին եւ Նորա Բարսեղեանին, որոնց շնորհիւ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ իրականացաւ իմ գեղանկարներու առաջին անհատական ցուցահանդէսս` նուիրուած Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին, կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին:

«Ազդակ» կը հաւատայ երիտասարդ ուժին եւ երիտասարդ տարրի դերակատարութեան կարեւորութեան. «Ազդակ» անցած է լոզունգներէ անդին եւ լծուած` գործնական աշխատանքի:

Ահա այդ անհատական ցուցահանդէսին յաջորդեցին հաւաքական ցուցահանդէսներ. առաջինը «Լիւսի Թիւթիւնճեան» պատկերասրահին մէջ, իսկ երկրորդը` Երեւանի մէջ, որ մրցում-ցուցահանդէս էր, եւ իմ գեղանկարներս, յաղթող այլ 31 արուեստագէտներու գործերու կողքին, ցուցադրուեցան Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ: «Ազդակ» հաւատաց եւ թռիչք տուաւ իմ արուեստիս, եւ ահա մէկ տարուան մէջ ես մասնակից դարձայ երեք ցուցահանդէսներու:

Այո՛, խմբագրականի հետեւեալ խօսքը` ««Ազդակ»-ի յարկին տակ ինքզինք հարազատ զգացող ոեւէ երիտասարդ գուրգուրանքի արժանի է մեր կողմէ: Արժէք եւ մանաւանդ` հեռանկար: Ինք ապագայ լրագրող չէ միայն. ինք թերթին ապագան է»: Սոսկ անկեղծ եւ սրտագին խօսք չէ, այլ` «Ազդակ»-ի կողմէ իրականացուող իսկական քայլ եւ վեհ համոզում: Ես ինքզինքս հարազատ զգացի «Ազդակ»-ի յարկին տակ եւ, այո՛, արժանացայ «Ազդակ»-ի անսակարկ գուրգուրանքին, որուն համար հպարտ եմ եւ երախտապարտ:

Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթներով «Ազդակ» օրաթերթի սիրելի ընտանիքի անդամներուս կը մաղթեմ առողջութիւն, երջանկութիւն եւ ամենայն բարիք. անոնց անխոնջ եւ նուիրական աշխատանքին շնորհիւ` «Ազդակ» կը շարունակէ հաստատուն քայլերով գոյատեւել:

Սիրով`
ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ

 

Նախորդը

Կոմիտաս Վարդապետին Վերածնունդը

Յաջորդը

Ո՞ւր Կը Փնտռենք Ծնունդը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?