Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց ապահովական կառոյցներու ղեկավարութիւնները, որոնք նախագահը շնորհաւորեցին Ս. Ծնունդին եւ Նոր տարուան առիթով:
Նախագահ Աուն իր կարգին բարձր գնահատեց ապահովական ուժերուն թափած ջանքերը` ուղղուած Լիբանանի ապահովութեան եւ կայունութեան պահպանման, յատկապէս վերջին 70 օրերուն ընթացքին: Նախագահը անոնց կոչ ուղղեց աչալրջութեամբ պայքարելու որեւէ ապահովական խախտումի եւ փտածութեան դէմ` օրէնքով իրենց սահմանուած լիազօրութիւններուն հիման վրայ:
Նախագահը նաեւ կոչ ուղղեց ապահովական ուժերուն միաւորուած մնալու, որովհետեւ տեղեակ են իրենց ազգային պարտաւորութիւններուն մասին եւ զանոնք լիովին կը կատարեն:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ երկիրը կը դիմագրաւէ դժուար կացութիւն եւ աննախընթաց տագնապ` յոյս յայտնելով, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը պիտի օգնէ աստիճանաբար բարելաւելու կացութիւնը, դիմագրաւելու տագնապը եւ Լիբանանը վերադարձնելու իր բարգաւաճման:
«Մեր ապրած տնտեսական ու դրամական տագնապը 30 տարեկան է եւ նոր չէ: Ատիկա սկսած է այն պահուն, երբ տնտեսութիւնը վերածուեցաւ զբօսաշրջութեան ու ծառայութիւններու տնտեսութեան, եւ պարտքերը կուտակուեցան` առանց որ պետութիւնը կարենայ զանոնք վճարել, եւ այսօր ամավարկը յայտնուեցաւ մեծ բացի մէջ: Այսօր մենք կ՛ապրինք անհատական ու պետական մակարդակներուն վրայ ծախսերու կրճատման փուլին մէջ: Բայց ատիկա հիմա անհրաժեշտ է` դիմագրաւելու ներկայ տագնապը», ընդգծեց նախագահը:
Բանակի Հրամանատարութիւն
Հանդիպումներու ծիրին մէջ, նախագահ Աուն ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը եւ անոր գլխաւորած հրամանատարութեան պատուիրակութիւնը:
Բանակի հրամանատարը իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ այս տարուան տօնական օրերը կը զուգադիպին երկրին մէջ տիրող քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական ծանր տագնապին: Ըստ անոր, տօնական այս օրերը կը կրեն յոյսի իմաստ, որ մեզ կը ստիպէ կառչելու մեր հաւատքին, որ վաղը աւելի լաւ պիտի ըլլայ: Ան դիտել տուաւ, որ այդ հաւատքը կը բխի նախագահի անձին մէջ գտնուող իմաստութենէն, իմաստութիւն, որ նախագահը կը մղէ բոլոր խնդրայարոյց թղթածրարներուն մօտենալ գիտակցութեամբ եւ զանոնք լուծելու վճռականութեամբ:
«Կասկած չկայ, որ այսօրուան ձեր առաքելութիւնը, ինչպէս անցեալին, զերծ չէ դժուարութիւններէ եւ մարտահրաւէրներէ, բայց ձեր հայրական ջերմութիւնը եւ հաւատքը ազգային գործի գերադասման նկատմամբ, անկարելին կարելի կը դարձնէ», շեշտեց բանակի հրամանատարը:
Զօր. Ժոզեֆ Աուն նաեւ անդրադարձաւ բանակին կատարած առաքելութեան` ժողովրդային շարժումի բողոքի ցոյցերուն ընթացքին: Ան նշեց բանակին աշխատանքը` պահպանելու համար խաղաղ ցուցարարներուն ապահովութիւնը, պահպանելու երթեւեկի ազատութեան իրաւունքը, պահպանելու հանրային եւ անձնական սեփականութիւնները: Ան այս գործին մէջ կարեւոր նկատեց նախագահին աջակցութիւնը, յանձնարարականները եւ Սահմանադրութիւնը, օրէնքն ու խօսքի ազատութիւնը յարգելու անոր յանձնառութիւնը:
Բանակի հրամանատարը յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը, որ վարժուած է թշնամիներու դէմ պայքարելու, այսօր ինքզինք կը գտնէ ցաւալի իրականութեան առջեւ, եւ կը վերցնէ քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ ներքին պայքարները կանխելու պատասխանատուութիւնը: Ան աւելցուց, որ բանակը պիտի շարունակէ կատարել իր առաքելութիւնը` հակառակ բոլոր զոհողութիւններուն:
Զօր. Ժոզեֆ Աուն նախագահին յայտնեց, որ անոր հետ միասին պիտի բարձրացնեն իրենց աղօթքները Լիբանանի համար` յուսալով, որ Քրիստոսի ծնունդը բերէ ուրախութիւն, բարօրութիւն եւ խաղաղութիւն:
Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերու Ղեկավարութիւն
Նախագահ Աուն ապա ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որ կը գլխաւորէր տնօրէնութեան աւագ սպաներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը:
Ապպաս Իպրահիմ իր խօսքին մէջ նշեց, որ այս տարի տօնական օրերը հասան, եւ Լիբանանը տակաւին մէկ կողմէ կը գտնուի միջազգային ու շրջանային լարուածութիւններու հրաբուխի բերանը, միւս կողմէ` ներքին մարտահրաւէրներու: Ան ընդգծեց, որ նախագահ Աուն իր պաշտօնավարութեան առաջին օրէն իսկ սկսած է լուրջ աշխատանք տանիլ երկիրը դարձնելու ժամանակակից եւ զարգացած` հասնելով մինչեւ քաղաքացիական պետութեան ստեղծման, որպէսզի լիբանանցիները ապահովեն իրենց եւ իրենց զաւակներուն ապագան ու իրաւունքները:
Ապպաս Իպրահիմ նախագահին յայտնեց, որ լիբանանցիները անոր մէջ կը տեսնեն փրկութեան յոյսը` այս ազգային եւ իւրայատուկ տագնապէն երկիրը փոխադրելու ապահովութեան ցամաք: Իպրահիմ շեշտեց, որ նախագահը առաջին անձերէն էր, որ ականջալուր եղաւ ժողովրդային շարժումի ցաւերուն, յոյսերուն եւ ընկերային ու տնտեսական պահանջներուն:
Իպրահիմ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ղեկավարութեան եւ անդամներուն անունով շնորհաւորեց նախագահը այս տօնական օրերուն առիթով եւ հաստատեց անոնց պատրաստակամութիւնը ուժեղ պատնէշ հանդիսանալու` դիմագրաւելու համար երկրին սպառնացող վտանգները եւ մարտահրաւէրները:
Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Պատուիրակութիւն
Նախագահին յաջորդ հանդիպումը Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան հետ էր:
Շնորհաւորելէ ետք նախագահը տօնական օրերուն առիթով` զօր. Օսման վերահաստատեց Ներքին ապահովական ուժերուն դերակատարութիւնը ահաբեկչութեան եւ ծրագրուած ոճիրներու դէմ պայքարին մէջ` յիշեցնելով վերջին 10 տարիներուն ուժերուն յաջողութիւնը` արագ ձեւով յայտնաբերելու ոճիրները եւ ոճրագործները: Զօր. Օսման աւելցուց, որ այս կառոյցը որեւէ ճիգ չի խնայեր զարգացնելու իր աշխատանքը, եւ այժմ կը ջանայ իրականացնել ռազմավարական ծրագիրը մինչեւ 2022 թուականի աւարտը, որպէսզի հասնի ապահովական եւ ոստիկանական համաշխարհայնօրէն պահանջուած մակարդակին:
Զօր. Օսման նախագահին բացատրեց, որ ահաբեկչութեան եւ ոճրագործութեան դէմ պայքարի կողքին, Ներքին ապահովութեան ուժերը կը կատարեն այլ առաքելութիւններ եւս, ինչպէս` դատական եւ վարչական վերահսկողութիւն, ապահովութիւն, կարգ ու կանոնի պահպանում, պետական եւ սահմանադրական կառոյցներու հսկողութիւն, եւ վերջերս` դրամանատուներու հսկողութիւն:
Զօր. Օսման նաեւ անդրադարձաւ ապահովութեան ուժերու դերակատարութեան` ժողովրդային շարժումի ցոյցերուն ընթացքին` նշելով, որ անոնց ուժերու մեծ թիւով տարածումը Լիբանանի տարբեր վայրերուն մէջ մեծ ճնշում կը բանեցնէ բոլոր գործառնական, դատական եւ վարչական ստորաբաժանումներուն վրայ: Ան նաեւ նշեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերը կը տառապին անդամներու անբաւարարութենէ, որովհետեւ տարիներէ ի վեր զինուորագրութիւն տեղի չ՛ունենար:
Անդրադառնալով ցուցարարներուն հետ վերաբերմունքին` զօր. Օսման շեշտեց, որ ապահովական ուժերը ցուցարարներուն հետ կը վարուին օրէնքով սահմանուած լիազօրութիւններուն հիման վրայ: Ան ընդգծեց, որ ուժի կիրարկումը չի գերազանցեր օրէնքով արտօնուած անկարգութիւնները ճնշելու սահմանները: Զօր. Օսման յայտնեց, որ ցուցարարներուն հետ բախումներու պատճառով վիրաւորուած են 295 Ներքին ապահովութեան ուժերու անդամներ` շեշտելով, որ իրենք պիտի շարունակեն կրել պատասխանատուութիւնները եւ կատարել զոհողութիւններ` պահպանելու համար երկրին կառոյցները եւ պետութիւնը:
Հանդիպման աւարտին զօր. Օսման նախագահին յանձնեց ապահովութեան եւ կարգի պահպանութեան մեքանիզմի պատճէնը, եւ տեղեկագիր մը` այս տարուան ընթացքին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած ոճիրներու տոկոսին, որ նուազած էր նախորդ տարուան բաղդատմամբ:
Պետական Անվտանգութեան Ուժերու Պատուիրակութիւն
Նախագահական պալատ այցելեց նաեւ Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպան` ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը:
Նախագահը շնորհաւորելէ ետք Ս. Ծնունդին եւ Նոր տարուան առիթով, զօր. Սալիպա յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կը տիրէ կայունութիւն եւ բարգաւաճում, հակառակ բոլոր տագնապներուն: Ան նախագահին խոստացաւ շարունակել Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան նուաճումները եւ շարունակելու պայքարիլ փտածութեան դէմ, որուն արդիւնքները սկսան երեւան գալ:
Զօր. Սալիպա բարձր գնահատեց նախագահին դերը պետութեան կառոյցները, որոնց շարքին Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը ընդունելու իր գործին մէջ` յայտնելով, որ իրենք յանձնառու պիտի մնան ներքին ազգային ամրութիւնը պահպանելու եւ զայն ամրապնդելու` իբրեւ հողը եւ մարդը պաշտպանելու միջոց:
Մաքսային Ծառայութիւն
Նախագահ Աուն նաեւ ընդունեց Մաքսային ծառայութեան ընդհանուր տնօրէն Պատրի Տահերը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Տահեր նախագահին ներկայացուց Մաքսային ծառայութեան տնօրէնութեան կատարած նուաճումները 2017, 2018 տարիներուն եւ 2019-ի կէս տարուան ընթացքին: Ան բացատրեց, որ անոնք յաջողած են կանխարգիլել եւ զսպել ահաբեկչութիւնը, սեփական եւ հանրային մարզերը մասնակից դարձուցած են իրենց աշխատանքին, ստեղծած են թափանցիկութեան համակարգ` ընդունելով շարք մը օրէնքներ, որոնք կ՛օգնեն պայքարիլ փտածութեան դէմ, եւ լիբանանցիներուն միտքը հանգստացնել, որ կայ զիրենք պաշտպանող պետութիւն մը:
Տահեր աւելցուց, որ սկսած են բարեկարգումներու ծրագիրի մը, որ կը միտի թափանցիկ եւ արդար տնօրէնութեամբ կայուն եւ հաւասարակշռուած ձեւով ծառայութիւններ մատուցել, կազմակերպել, զարգացնել եւ ծրագրաւորել բարեկարգումները, բարելաւել ծառայութիւններու տեսակը, ծախսը եւ արագութիւնը, ինչպէս նաեւ մշակել ազգային ընդհանուր մարտավարութիւն` պայքարելու համար փտածութեան դէմ, եւ այդ նպատակով կազմել յանձնախումբ:
Տահեր ընդգծեց, որ Մաքսային ծառայութեան գործունէութեան կողքին, իրենք կ՛ուզեն Լիբանանի կայունութիւնը եւ բարգաւաճումը` նշելով, որ ճամբան երկար է եւ դժուար, սակայն պէտք է հարցերը լուծել վճռակամութեամբ, անաչառութեամբ, թափանցիկութեամբ, գիտական ձեւերով, արհեստավարժութեամբ եւ առարկայական ձեւով` հասնելու համար ընկերային արդարութեան վրայ հիմնուած կայուն բարգաւաճման, զարգացման եւ խաղաղութեան:
Տահեր անդրադարձաւ երկրի տնտեսական տագնապին եւ Մաքսային մարզի այդ տագնապի հարցերէն երես մը ըլլալու խնդիրին: Հետեւաբար, Տահեր անհրաժեշտ նկատեց ունենալ ապագայի յստակ եւ ամբողջական տեսլական, որ ունի թափանցիկութեան պահանջուած մակարդակը, որպէսզի կարելի ըլլայ դուրս գալ մթութենէ, վէճերէ եւ խաբէութիւններէ, հակառակ մարդկային եւ դրամական համեստ միջոցներուն:
Հանդիպման աւարտին, Տահեր նախագահին յանձնեց մինչեւ այսօր Մաքսային ծառայութեան կատարած նուաճումներուն վերաբերող տեղեկագիր մը` յանձնառութիւն յայտնելով չփախցնել որեւէ առիթ կամ միջոց իրականացնելու համար տնտեսական ապահովութիւնը: Ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, որ ատիկա իրենք կը նկատեն ազգային պարտականութիւն:
Նշանակեալ Վարչապետին Այցելութիւնը
Նախագահ Աուն երէկ յետմիջօրէին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նշանակեալ վարչապետ Հասսան Տիապը, որ նախագահին ներկայացուց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերջին իրադարձութիւնները: Տիապ հանդիպումէն ետք մեկնեցաւ առանց որեւէ յայտարարութիւն կատարելու: