Հակառակ անոր որ եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները մեծամասնութեամբ կը կատարուին այս շաբաթավերջին, սակայն այսօր տեղի կ՛ունենան երեք մրցումներ:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 17-րդ հանգրուանին բացման ծիրին մէջ, այսօր Ալաւես (15-րդ) կը հիւրընկալէ նախավերջին դիրքին վրայ գտնուող Լեկանեսը, ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Գերմանիոյ 15-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Օկզպուրկ (12-րդ) հիւրը կ՛ըլլայ Հոֆընհայմի (8-րդ)` ժամը 21:30-ին:
Իսկ Ֆրանսայի մէջ, Լիլ (3-րդ) ժամը 21:45-ին կը հիւրընկալէ Մոնփելիէն (10-րդ):