Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ամերիկեան Ծերակոյտը Անպայման Պիտի Ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւը» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

December 10, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանը «Ա1+»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Պրաթիսլաւայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երեք համանախագահներու տարածած յայտարարութեան տակ երկու նախարարները չէին ստորագրած այն պատճառով, որ այդ փաստաթուղթը մերժած էր Էլմար Մամետեարովը: «Կը կարծեմ, մերժումը աւելի Ազրպէյճանէն էր, բայց Հայաստանն ալ դժգոհ չէր անկէ, քանի որ Նիկոլ Փաշինեանը, երբ վարչապետ դարձաւ, յայտարարեց, որ Մատրիտեան սկզբունքները ընդունելի չեն: Եւ չի բացառուիր, որ հայկական կողմը դժգոհ չէր, որ Մատրիտեան սկզբունքներուն յղում կատարող փաստաթուղթին տակ իր անունը չըլլայ», ըսաւ Կ. Մանոյեանը:

Անդրադառնալով 2020-ին Արցախի մէջ նախագահական եւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն` Մանոյեան ըսաւ, թէ ՀՅԴ-ն տակաւին չէ որոշած, թէ նախագահի թեկնածու պիտի առաջադրէ՞, թէ՞ պիտի պաշտպանէ որեւէ այլ թեկնածու: Մասնակցութեան ձեւաչափի հարցը պիտի որոշուի 15 դեկտեմբերին, արցախեան կառոյցի ժողովին:

Կ. Մանոյեան խօսեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ընդունող բանաձեւի մասին, որուն  վրայ երրորդ անգամ վեթօ դրուեցաւ: «Սպիտակ տունը կրնայ մարտավարական քայլերով ձգձգել, բայց Ծերակոյտը անպայման պիտի ընդունի ատիկա: Ասիկա օրինագիծ չէ, բանաձեւ է եւ ընդամէնը քաղաքական արժէք ունի: Կրնայ նախագահը իր ուղերձին մէջ ալ չօգտագործել Ցեղասպանութիւն բառը, բայց Սպիտակ տան վրայ ճնշումը  աւելի պիտի մեծնայ», ընդգծեց Կ. Մանոյեան:

Խօսելով գործող իշխանութիւններու եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասին` Կ. Մանոյեան հարց տուաւ, թէ, եթէ անոնց վարկանիշը նոյնքան բարձր է, ինչո՞ւ ձերբակալութիւններ կը կատարեն: «Անոր համա՞ր է վարչապետը խուճապի մէջ, եւ ամէն օր պէտք է ձերբակալութիւններ ըլլան: Թող ձերբակալութիւններ ընեն, բայց ոչ թէ վարկանիշը բարձրացնել-իջեցնելու հաշուոյն», ըսաւ Կ. Մանոյեան:

 

Նախորդը

Մամլոյ Ասուլիս` ՀՅԴ Ուսանողական – Երիտասարդական Միութիւններու Եռօրեայ Խորհրդաժողովին Մասին

Յաջորդը

Հայաստանի Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը Այցելեց Ծիծեռնակաբերդ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ

October 22, 2026
Օսլոյի Ժողովէն Ետք.  Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ  Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Օսլոյի Ժողովէն Ետք. Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

October 22, 2026
ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.