Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (9 Սեպտեմբեր 1969)

Սեպտեմբեր 9, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարզական

Այնճարի ՀՄԸՄ-ի Նորակերտ Ակումբին
Բացման Հանդիսութիւնը

Կիրակի, 7 սեպտեմբերը տօնական օր մը եղաւ Այնճարի երիտասարդութեան եւ ժողովուրդին համար: Արդարեւ, սեփական ակումբ մը ունենալու երկար տարիներու երազը իրականացած էր, եւ այդ օր տեղի կ՛ունենար ՀՄԸՄ-ի ակումբին բացման հանդիսութիւնը:

Այնճարի հիմնադրութեան (1939) առաջին օրէն իսկ ՀՄԸՄ-ը սկսաւ կազմակերպուիլ եւ իր շուրջ հաւաքել գիւղի երիտասարդութիւնը: 1943-ին ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղը ստացաւ իրաւական բնոյթ` դառնալով մէկ անդամը ՀՄԸՄ-ի բազմաթիւ մասնաճիւղերուն: ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան քաջալերանքով եւ օժանդակութեամբ, Այնճարի մասնաճիւղը ստացաւ պետական վաւերացում եւ այսօր մաս կը կազմէ լիբանանեան ֆութպոլի ֆետերասիոնին: Արդէն դիմումներ կատարուած են անդամակցելու համար նաեւ պասքեթպոլի եւ փինկ փոնկի ֆետերասիոններուն:

Գիւղի զարգացումին հետ, ՀՄԸՄ-ը եւս տարուէ տարի յառաջդիմեց, ուժեղացաւ եւ այսօր հանրութեան կը ներկայանայ իբրեւ լաւապէս կազմակերպուած մասնաճիւղ: Նուիրեալ եւ հաւատաւոր երիտասարդներէ բաղկացած վարչութիւնը լաւապէս կը ղեկավարէ Այնճարի մարզական գործունէութիւնը: Յաջողած է իր շուրջ համախմբել գիւղին երիտասարդութիւնը: Վարչութեան անդամներն են` Կիրակոս Խոշեան (ատենապետ), Սահակ Չախչախեան (փոխատենապետ), Թովմաս Քերքեզեան (քարտուղար), Նժդեհ Գէորգեան (գանձապահ), Սարգիս Գաթալոզեան (սկաուտներու պատասխանատու), Գաբրիէլ Փանոսեան (մարզական պատասխանատու), Իսկէնտէր Ճուհուրեան (խորհրդական):

Մասնաճիւղը ունի 125 մարզիկներ եւ գործօն անդամներ, ինչպէս նաեւ` 60 հոգիէ բաղկացած սկաուտական խումբ մը եւ 90 գայլիկներէ կազմուած վոհմակ մը: Ունի ֆութպոլի, պասքեթպոլի եւ աթլեթիզմի խումբեր: Այնճարի ֆութպոլի կազմը կը մասնակցի Պեքաայի շրջանի ախոյեանական մրցումներուն, որոնք կը կազմակերպուին ֆետերասիոնի կողմէ: 1968-69 հանդիսացած է երկրորդ:

ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղը տէր է երկու հողաշերտերու, տրամադրուած` Այնճարի քաղաքապետութեան կողմէ: Առաջին հողը վերածուած է ֆութպոլի դաշտի: Իսկ երկրորդ հողաշերտին վրայ շինուած է պասքեթպոլի դաշտը եւ միութեան ակումբը, բաղկացած` երկու սենեակներէ, սրահէ մը եւ աղջիկներու ու մանչերու յատուկ առանձին հանդերձարաններէ: Ակումբի շինութիւնը արժած է շուրջ 10.000 լ. ոսկի: Վարչութիւնը կը յուսայ շուտով սկսիլ ակումբի երկրորդ յարկի շինութեան, որ անդամներու յատուկ հաւաքավայր մը պիտի ըլլայ:

ՀՄԸՄ կը վայելէ գիւղի հայութեան, ինչպէս նաեւ ազգային պաշտօնական կազմակերպութիւններու եւ պետական մարմիններու համակրանքն ու քաջալերանքը: Անոր բոլոր ձեռնարկները կը պսակուին յաջողութեամբ` շնորհիւ ՀՄԸՄ-ական երիտասարդութեան նուիրումին եւ Այնճարի հայութեան անվերապահ օժանդակութեան:

Ակումբին բացման առիթով Այնճարի ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը կազմակերպած էր մարզական օր մը, որ սկսաւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, աթլեթիզմի մրցումներով, որոնք տեղի ունեցան գիւղի ֆութպոլի դաշտին վրայ` ղեկավարութեամբ ՀՄԸՄ-ի աթլեթիզմի շրջանային յանձնախումբին: Մրցումներուն մասնակցեցան Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Ճիւնիի եւ Այնճարի աթլեթիզմի խումբերը:

Կէսօրէ ետք, ժամը 3:00-ին, Այնճարի սկաուտները, գայլիկները եւ Օգնութեան խաչի արծուիկները, առաջնորդութեամբ Պուրճ Համուտի սկաուտական նուագախումբին, կատարեցին տողանցք մը` անցնելով գիւղի գլխաւոր փողոցներէն:

Ժամը 3:30-ին սկսաւ պասքեթպոլի մրցաշարքը, որուն մասնակցեցան «Կամք», Պուրճ Համուտ, Զահլէ, Այնճար եւ Ճիւնի:

Ժամը 5:00-ին սկսան հասնիլ պաշտօնական հիւրերը: Օրուան նախագահ` Պեքաայի երեսփոխան Միխայէլ Տըպս եւ հետեւորդները ընդունուեցան սկաուտներու կողմէ պաշտօնական պատիւներով եւ ժողովրդական խանդավառութեամբ: Ներկայ էին` Պէյրութի պետական երեսփոխան Մովսէս Տէր Գալուստեան, ՀՄԸՄ-ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յովհաննէս Շահինեան, փոխատենապետ տոքթ. Միսաք Արզումանեան, մարզական պատասխանատու Յովհաննէս Յարութիւնեան, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Ճիւնիի եւ Զահլէի վարչութիւնները, ինչպէս նաեւ` Այնճարի մէջ գործող բոլոր մարմիններու ներկայացուցիչները:

Օրուան հիւրերուն բարի գալուստ մաղթեց Պետրոս Շէմմէսեան: Բացատրեց օրուան հանդիսութեան նպատակը: Ընդհանուր խանդավառութեան մէջ եղան նուիրատուութիւններ, որոնց գումարը բարձրացաւ շուրջ 3000 լ. ոսկի:

Պասքեթպոլի մրցաշարքի աւարտին օրուան նախագահը յանձնեց մէկական բաժակ Այնճարի եւ «Կամք» խումբերուն, որոնք աւարտական խաղին հաւասար արդիւնք արձանագրած էին: Ապա պաշտօնական հիւրերը հաւաքուեցան նորաշէն ակումբին սրահը, ուր գեղեցիկ պտղասեղան մը պատրաստուած էր:

Այնճարի հայութիւնը գեղեցիկ յաջողութիւն մը արձանագրեց` կատարելով ՀՄԸՄ-ի բացումը, որ, վստահ ենք, պիտի դառնայ գիւղի երիտասարդութեան ամէնէն աւելի սիրած ժամադրավայրը:

Աթլեթիզմի Մրցումներուն
Արդիւնքները

Աղջիկներ, 100 մեթր վազք.- Ա.- Արտա Գալփաքեան (Պէյրութ), Բ.- Սեդա Գասպարեան (Պէյրութ), Գ.- Անահիտ Սաաթճեան (Պէյրութ):

Մէկ քայլ ոստում.- Ա.- Սեդա Գասպարեան (Պէյրութ), Բ.- Մատլեն Ներսէսեան (Այնճար), Գ.- Անի Իսթանպուլեան (Այնճար):

Բարձրութիւն ցատկել.- Ա.- Անահիտ Սաաթճեան (Պէյրութ), Բ.- Մարօ (Պէյրութ), Գ.- Սիլվա Փանոյեան (Այնճար):

Մանչեր, 100 մեթր վազք.- Ա.- Նազօ Սվաճեան (Ճիւնի), Բ.- Սարգիս Աթիկեան (Ճիւնի), Գ.- Ժորժ Բարսեղեան (Պուրճ Համուտ):

200 մեթր վազք.- Ա.- Նազօ Սվաճեան (Ճիւնի), Բ.- Սարգիս Աթիկեան (Ճիւնի), Գ.- Մովսէս Հերկելեան (Այնճար):

Մէկ քայլ ոստում.- Ա.- Վրէժ Ֆուճուրեան (Պուրճ Համուտ), Բ.- Նազարէթ Սվաճեան (Ճիւնի), Գ.- Յակոբ Ճամպուլեան (Այնճար):

Գունդ նետել.- Ա.- Վարուժ Գէորգեան (Ճիւնի), Բ.- Յակոբ Ճամպուլեան (Այնճար), Գ.- Կարօ Սագայեան (Այնճար):

Քրոս քաունթրի (3 քմ).- Ա.- Անդրանիկ Քէշիշեան (Ճիւնի), Բ.- Լեւոն Թաշճեան (Այնճար), Գ.- Աւետիս Տեմիրճեան (Պուրճ Համուտ):

Պասքեթպոլի Մրցաշարքի
Արդիւնքները

«Կամք» յաղթեց Պուրճ Համուտի 26-25 (14-10)
Այնճար յաղթեց Զահլէի 18-7 (6-4)
Այնճար (աղջիկներ) յաղթեց Ճիւնիի (աղջիկներ) 11-10 (5-7)
Այնճար եւ «Կամք» 20-25 (17-10):

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Աշխարհափոխութիւն` Նուռի

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?