Աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ երրորդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ առանց մրցում կատարելու ապահովեց Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Գ. հանգրուանի իր տոմսը: Անոր մրցակիցը պէտք էր ըլլար Տանաս Քոքինաքիս: Սակայն աւստրալիացի մարզիկը աջ ուսի վնասուածքի պատճառով հրաժարեցաւ այս մրցումին մասնակցելէ:
Նատալի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ հարաւային քորէացի Սհուն Հիոն, որ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց սպանաի Ֆեռնանտօ Վերտասքոյի դէմ: