Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Ամէն Կարելին Կ՛ընենք Շրջանին Մէջ Մարզական Աշխուժ Մթնոլորտ Մը Ստեղծելու Համար» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Կարօ Պէրպէրեան

Օգոստոս 29, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հարցազրոյց` ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի
Վարչութեան Ատենապետին Հետ

Հարցազրոյցը վարեց` ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի վարչութեան տարած աշխատանքներուն եւ շրջանի երկսեռ  պատանի եւ երիտասարդ մարզիկներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու համար, «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Կարօ Պէրպէրեանի հետ, որ որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացուց տարուող աշխատանքներուն մասին:

Ստորեւ` այդ հարցազրոյցին շահեկան բաժինները.

«ԱԶԴԱԿ».- Նախ սկսինք աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող պասքեթպոլի խումբով: Ի՞նչ աշխատանք կը տարուի 2019-2020 տարեշրջանին գծով:

ԿԱՐՕ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Ինչպէս բոլորն ալ տեղեակ են, վերջին չորս տարիներուն խումբին ատենապետն էր Թալին Խաչատուրեան, որ իր տքնաջան աշխատանքով բարձր պահեց ՀՄԸՄ-ի անունը, թէ՛ տեղական եւ թէ՛ արաբական մակարդակներու վրայ:

Անշուշտ չմոռնալով նաեւ յանձնախումբին այլ անդամներուն ներդրումը` Թալին Խաչատուրեանի հետ կրցանք հասնիլ կարեւոր նուաճումներու:

Շուրջ երկու ամիս առաջ Խաչատուրեան յայտարարեց, թէ կը դադրեցնէ իր աշխատանքները:

Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոր տարած այդ աշխատանքներուն համար:

Այժմ պիտի ունենանք նոր խումբ մը: Նշանակուած է նոր յանձնախումբ մը, որ պիտի պատրաստէ ախոյեանութեան մասնակցող խումբ մը:

«Աղջկանց  պասքեթպոլի յանձնախումբին ատենապետ նշանակուած է Րաֆֆի Թիւթէլեան: Յանձնախումբին անդամ է նաեւ Ռոպեր Արապեան: Խումբին մարզիչը պիտի ըլլայ Սեւակ Քեթենճեան, իսկ անոր օգնականը` Հայկ Խաչերեան:

«Այստեղ միջանկեալ նշեմ, որ Քեթենճեան ունի «ՖԻՊԱ»-ի  վկայագիր:

«Ա.».- Աղջկանց պասքեթպոլի խումբը ի՞նչ վիճակի մէջ է ներկայիս:

Կ. Պ.- Նախ նշեմ, որ նոր սկսելիք ախոյեանութեան գծով ցարդ յստակ թուական մը չկայ: Բայց եւ այնպէս, խումբը օգոստոս ամսուան վերջը պիտի սկսի իր կանոնաւոր փորձերուն:

Խումբին մաս կազմող հայ մարզիկները գրեթէ բոլորն ալ, մնացած են կազմին մէջ: Անոր մարզիկներուն մեծամասնութիւնը պիտի ըլլան հայեր:

Բնականաբար, խումբը պիտի օժտուի օտարական  մարզիկով ալ, ինչ որ արտօնելի է Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին օրէնքով:

Այստեղ պէտք է նշեմ, որ Ռեպեքքա Աքըլ մեզի հետ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրած է: Եթէ խումբը հասնի ֆայնըլ ֆոր, ան կրնայ դաշտ ներկայանալ մեզի հետ` նկատի ունենալով, որ անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2019-2020 տարեշրջանի աւարտին:

Ֆայնըլ ֆոր կ՛ըսեմ, որովհետեւ մինչ այդ ան երկրէն դուրս կը մասնակցի այլ ախոյեանութեան: Այս տարեշրջանին ան կրնայ միայն մեզի հետ դաշտ ներկայանալ:

«Ա.».- Ինչպէս բոլորն ալ տեղեակ են, վերջին երկու տարիներուն, ՀՄԸՄ Անթիլիաս ունեցաւ պիչ ֆութպոլի իր կազմը: Այս գծով ի՞նչ ունիք ըսելիք:

Կ. Պ.- Նախորդ տարեշրջանին կազմեցինք  խումբը, որ մասնակցեցաւ Լիբանանի ախոյեանութեան: Այս տարեշրջանին եւս մեր մասնակցութիւնը բերինք ախոյեանութեան: Յոյսով ենք, որ յառաջիկայ տարի կ՛ունենանք աւելի զօրաւոր խումբ մը, որ ի վիճակի կ՛ըլլայ շատ աւելի լաւ արդիւնքներ արձանագրել: Այս նպատակը բնականաբար պիտի իրականանայ յաւելեալ փորձեր կատարելով` նկատի ունենալով, որ պիչ ֆութպոլը պարզ ֆութպոլի չի նմանիր, եւ աւազոտ դաշտին վրայ խաղալը աւելի դժուար է:

«Ա.».- Ինչ կը վերաբերի մասնաճիւղին մէջ կիրարկուող տարբեր տեսակի մարզաձեւերուն, այս գծով ի՞նչ կրնաք ըսել:

Կ.Պ.- ՀՄԸՄ-ը միայն պասքեթպոլ չէ: Մեր մասնաճիւղը ունի ֆութպոլի տարիքային խումբեր, ունինք ճատրակի մեր դասընթացքները, քոնկ ֆուի մեր աշակերտները, տղոց եւ աղջկանց տարիքային մեր խումբերը:

«Մանրամասնելով ըսեմ. ունինք տղոց պասքեթպոլի տարիքային 5 խումբեր (10,12,14,16 եւ 18 տարեկանէն վար) եւ աղջկանց տարիքային 2 խումբեր (14 եւ 16 տարեկանէն վար): Ընդամէնը` 210 երկսեռ մարզիկներ:

Ֆութպոլի պարագային, ունինք տարիքային չորս խումբեր, որոնք կը հաշուեն 90 մարզիկ:

Իսկ ճատրակի եւ քոնկ ֆուի պարագային, ունինք շուրջ 25-ական մարզիկ-աշակերտներ: Բոլոր մարզաձեւերուն պարագային ալ տեղի կ՛ունենան հերթական փորձեր` շաբթուան մէջ երկու անգամուան դրութեամբ:

«Ա.».- Ինչպէս բոլորն ալ տեղեակ են, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղին մէջ իր անջնջելի անունը ձգած է Վարդուկ Մարգարեան:

Ան այժմ տեղափոխուած է Հայաստան: Անոր աշխատանքները ո՞վ կամ որո՞նք ստանձնած են ներկայիս:

Կ. Պ.- Տարիներու ընթացքին Վարդուկ Մարգարեանի տարած տքնաջան աշխատանքը, բնականաբար ոչ ոք կրնայ մոռնալ: Կրնամ ըսել, որ ան մեր մասնաճիւղի պասքեթպոլի ակադեմիային հիմնադիրներէն է: Տարիներ շարունակ ան մարզած է երկսեռ մարզիկներ: Անոր այդ աշխատանքին համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք: Բայց վերջ ի վերջոյ, միութիւնը պիտի շարունակէ գոյատեւել եւ նոր պատանիներու ու պարմանուհիներու մարզումներու աշխատանքին սկսիլ:

Սկսելով պասքեթպոլէն` մեր մարզիչները պիտի ըլլան Սեւակ Քեթենճեան, Մակի Զաքարեան, Մեղրի Թորոսեան եւ Արամ Աբրահամեան, ֆութպոլի մարզիչներն են Յակոբ Կիւլիւմեան, Մկօ Քորտիշեան եւ Խաչիկ Նորաշխարհեան: Ճատրակի մեր մարզիչներն են` Ժիրօ  Օգնայեան եւ Հրայր Պրունսուզեան: Իսկ քոնկ ֆուի պարագային այս շաբաթավերջին կ՛ունենանք մեր նոր մարզիչը:

Մեր ամէն կարելին կ՛ընենք լաւ սերունդ դաստիարակելու եւ անոր տալու ՀՄԸՄ-ական ոգին, որպէսզի ապագային ունենանք անուանի մարզիկներ:

«Ա.».- ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի խումբերը կը մասնակցի՞ն Լիբանանի ախոյեանութիւններու կամ մրցաշարքերու` տարիքային խումբերու իմաստով:

Կ. Պ.- Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութենէն եւ պիչ ֆութպոլէն բացի, կը մասնակցինք նաեւ այլ մրցաշարքերու:

Լիբանանի պասքեթպոլի 14 տարեկանէն վար ախոյեանութեան կը մասնակցինք բաւական աշխուժ ձեւով եւ այս շաբաթավերջին մրցում ունինք կատարելիք:

Այս շաբաթավերջին կը սկսի նաեւ Անթուան Ղըրայյեպի անուան պասքեթպոլի տարիքային մրցաշարքը, որուն պիտի մասնակցինք 10 տարեկանէն վար տղոց խումբով:

Կը մասնակցինք նաեւ քոնկ ֆուի լիբանանեան ախոյեանութեան մրցումներուն` անոնց ընթացքին արձանագրելով փայլուն արդիւնքներ:

Բնականաբար, շարքը կարելի է երկարել մեր տարբեր խումբերուն մասնակցութեան գծով:

Մեր վարչութիւնը երկու տարիէ ի վեր լծուած  է աշխատանքի` տալու իր առաւելագոյնը:

Գլխաւոր նպատակ ունինք եւ մեր ամէն կարելին կ՛ընենք շրջանին մէջ աշխուժ մարզական մթնոլորտ ստեղծելու:

«Ա.».- Հարցազրոյցին աւարտին որեւէ ուրիշ ըսելիք ունի՞ք:

Կ.Պ.- Նախ շնորհակալութիւն «Ազդակ»-ին այս հարցազրոյցին համար:

Աւելցնելիք ոչինչ ունիմ: Յոյսով եմ, որ 2019-2020 տարեշրջանին ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղը, այլ քոյր մասնաճիւղերու նման, կ՛արձանագրէ բացառիկ արդիւնքներ եւ բարձր կը պահէ ՀՄԸՄ-ի եւ լիբանանահայութեան անունը:

 

 

Նախորդը

Փինկ Փոնկ. Ամառնային Մրցաշարք. Սեւան Չեքմէեան Հանդիսացաւ Փոխախոյեան

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (29 Օգոստոս 2019)

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա
Մարզական

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա

Յուլիս 12, 2025
ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում.  Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Եւրոպական Բաժակներ.  Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն
Մարզական

Եւրոպական Բաժակներ. Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?