Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակի Հրամանատարը Այցելեց Արսալ Եւ Ընդունեց Քուպիչը

Օգոստոս 29, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին յայտարարած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան երկրորդ տարեդարձին առիթով, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ այցելեց Արսալի Տըպ հովիտը, ուր ծաղկեպսակ մը զետեղեց 2014-ին ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ առեւանգուած եւ սպաննուած բանակայիններուն նուիրուած յուշարձանին, ինչպէս նաեւ վառեց ջահը` նահատակ բանակայիններուն յիշատակը յաւերժացնելու համար:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ այդ յուշարձանը բանակայիններու եւ քաղաքայիններու նորահաս սերունդներուն կ՛ուղղէ ահաբեկչութեան դաւադիր ըլլալուն պատգամը:

«Մեր ներկայութիւնը իւրաքանչիւր ահաբեկիչի դէմ ուղղուած պատգամ մըն է, թէ մենք կը յիշենք մեր նահատակները եւ պիտի չմոռնանք զանոնք, եւ զանոնք սպաննողները ի վերջոյ սուղ պիտի վճարեն իրենց գործած անարգ ոճիրներուն գինը», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ լիբանանեան բանակը նուաճում իրագործեց ամբողջ Լիբանանին համար, եւ մենք պիտի շարունակենք մեր ուղին, որքան ալ երկար ըլլայ ան: Բանակը կը ծառայէ իր ժողովուրդին եւ կը պաշտպանէ իր հայրենիքն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը, ինչ ալ ըլլան անոր մատուցելիք զոհողութիւնները:

«Լիբանանեան բանակի հիմնադրութենէն մինչեւ օրս բանակը կը յիշէ իր բոլոր նահատակները, որովհետեւ անոնք նահատակուեցան, որ մենք ապրինք: Այս ճակատամարտը մեր յիշողութեան մէջ վառ պիտի մնայ, որպէսզի հայրենիքը լաւ եւ ապահով մնայ», եզրափակեց ան:

Զօր. Աուն-Քուպիչ Հանդիպում

Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարը երէկ կէսօրէ ետք Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին հիմնականին մէջ քննարկուեցան Հարաւային արուարձաններու մէջ գործուած իսրայէլեան բռնարարքներն ու անոնց հետեւանքները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ տիրող կացութիւնը:

Նախորդը

Վառելանիւթի Մարզի Սեփականատէրերը Առկախեցին Իրենց Գործադուլը

Յաջորդը

Վարչապետարանին Մէջ. «Լիբանան Արաբական Լիկայէն Պիտի Խնդրէ Յատուկ Նիստ Մը Գումարել` Քննարկելու Համար Իր Դէմ Գործուած Իսրայէլեան Բռնարարքները» Շեշտեց Քանայի

RelatedPosts

Աուն Ապահովութեան Խորհուրդի Պատուիրակութեան  Կոչ Ուղղեց` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Ապահովութեան Խորհուրդի Պատուիրակութեան Կոչ Ուղղեց` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու

Դեկտեմբեր 6, 2025
Անդրադառնալով Իսրայէլի Հետ  Բանակցութիւններու Հարցին`  Պըրրի. «Գոյութիւն Ունի «Մեքանիզմ» Կոչուողը,  Որ Պէտք Է Կանոնաւոր Կերպով Ժողով Գումարէ,  Եւ Անհրաժեշտութեան Պարագային  Կարելի Է Մասնագէտներու Դիմել»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբին Մէջ Նոր Բանագնացի Դերը Բացառապէս Թեքնիք Է Եւ Ոչ Քաղաքական, Եւ Ես Միայն Թեքնիք Դերը Պիտի Ճանչնամ»

Դեկտեմբեր 6, 2025
Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղարը  «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբին Մէջ Քաղաքայինի  Նշանակումը Ձրի Զիջում Կը Նկատէ
Լիբանանեան

Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղարը «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբին Մէջ Քաղաքայինի Նշանակումը Ձրի Զիջում Կը Նկատէ

Դեկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?