Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Ս. Աստուածածնայ
Վերափոխման Տօնի Նշում
Սուրիա
Գարատուրան
Քեսապի մէջ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը եզրափակուեցաւ երեքշաբթի, 19 օգոստոս 2019-ին, Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցած ս. պատարագով:
Օրուան պատարագիչն էր Նարեկ քհնյ. Զերենցեան, իր մասնակցութիւնը բերաւ Մաշտոց քհնյ. Արապաթլեանը: Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Ազգ. վարչութեան անդամ Գուրգէն Գալուստեանը եւ Քեսապի Հայ կաթողիկէ համայնքի վարդապետ հայր Նարեկ Լուիսեանը:
Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով կատարուած ուխտագնացութիւնը իր աւարտին հասաւ Մասիս եպս. Զօպուեանին ուղղած պատգամով:
Սրբազան հայրը եզրափակելով` ըսաւ, որ մեր բոլորին մաղթանքն է սուրիական բանակին յառաջխաղացքին իբրեւ արդիւնք` ազատագրուած տեսնել նաեւ Եագուպիէն եւ յառաջիկայ տարիներուն Ս. Աննայի տօնը յիշատակել տեղւոյն Ս. Աննա եկեղեցւոյ մէջ: Ապա աւելցնելով` ըսաւ, որ մեր ուխտը կ’ամբողջանայ այն ատեն, երբ մենք կ՛այցելենք նաեւ այլ շրջաններու` Ճեզիրէի, Թել Ապիատի, Ղընեմիէի, Եագուպիէի եւ Տէր Զօրի մեր եկեղեցիները:
Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ, որմէ ետք եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ խաղողօրհնէք տեղի ունեցաւ:
Հասիչէ
Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով,կիրակի, 18 օգոստոս 2019-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ ս. պատարագ մատուցուեցաւ: Եկեղեցւոյ զանգերը աւետեցին նոր յոյսերու, խաղաղ օրերու մօտալուտ ցնծութիւնը:
Պատարագը մատուցեց Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանը: Ան իր քարոզին մէջ նախ Հասիչէի հաւատացեալ ժողովուրդին հաղորդեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի ողջոյնները, ապա անդրադարձաւ Աստուածամօր առաքինութեան ու ներկայացուց խաղողօրհնէքի նշանակութիւնն ու խորհուրդը` մաղթելով բարեբեր տարի:
Այնուհետեւ տէր Պսակ մաղթեց, որ Աստուածամօր շնորհալի տիպարը օրինակ ծառայէ իւրաքանչիւր հաւատացեալի:
Հուսկ, տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէք, եւ օրհնուած խաղողը բարեմաղթութիւններով բաշխուեցաւ ներկայ հաւատացեալներուն:
Յունաստան
Հանդիսապետութեամբ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, 18 օգոստոսին Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր պատարագ, եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: Ս. պատարագը մատուցեց Թեսաղոնիկէի հովիւ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեանը:
Օրուան պատգամը յղեց սրբազան հայրը, որ բացատրեց ու խօսեցաւ սրբութեան ու մաքրութեան գաղափարի մասին, համեմատելով Ս. Կոյսին կեանքը, որպէս տիպարի ու օրինակելի անձնաւորութեան: Առաջնորդը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ տարբեր եկեղեցիներու եւ մեր եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածինի վերաբերեալ` շեշտելով, որ Աստուածամայրը` որպէս կենդանի աղբիւր, մաքուր անօթ եւ լուսաւոր ամպ, մեր մէջ պէտք է միշտ ներկայութիւն դառնայ, որովհետեւ անոր միջոցով է, որ բոլորս ճանչցանք զԱստուած, որուն միջոցով Աստուած հաճեցաւ Անոր մէջ ծնիլ: Սրբազանը ըսաւ, որ Ան եղաւ առաջին անձնաւորութիւնը, որ ուրախութեամբ գիտցաւ, թէ իրմէ ծնածը Աստուած է, Աստուծոյ Որդին է, աւելցնելով, որ մենք Աստուածամայրը չէ՛, որ կը պաշտենք, այլ կը մեծարենք ու խորապէս մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք անոր եւ կը խնդրենք իրմէ, որ բարեխօսէ մեզի համար իր Միածին Որդիին մօտ, որպէսզի մեր մեղքերը ներէ ու մեր բոլորին իր օրհնութիւնն ու շնորհքը պարգեւէ: Սրբազանը կոչ ուղղեց յատկապէս ու մասնաւորաբար մեր երիտասարդ սերունդին, որպէսզի իրենց զաւակները քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեամբ դաստիարակեն, հայապահպանման ու հայակերտումի աննկուն կամքով պատրաստեն, քրիստոնէաբար ապրին` բարոյական բարձր ու առողջ սկզբունքներով առաջնորդուելով, հայօրէն կառչած մնան ազգային արժէքներուն` հեռու մնալով այլասերիչ հոսանքներէ, շեշտելով, որ Աստուածամայրը որպէս յաւերժ սրբութիւն, բոլոր ժամանակներէն աւելի այսօր մանաւանդ, մեր առօրեայ կեանքին մէջ պէտք է տիրական ներկայութիւն դառնայ` որպէս տիպար սրբութեան, պարզութեան եւ հաւատարմութեան:
Քարոզի աւարտին սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ ազգային պատկանելիութեան ու ինքնութեան մասին` շեշտը դնելով, որպէս եկեղեցի, ազգ, հայրենիք եւ սփիւռք միասնականութեան ոգիով, ամուր կեցուածքով ամէն տեսակի դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն դիմաց կանգուն մնալու:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք:
Քանատա
Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման եւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նաւակատիքի տօնին առիթով, 15 օգոստոսին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, տեղի ունեցաւ շարականներու եւ հոգեւոր երգերու համերգ մը: Եկեղեցւոյ երգչախումբն ու մենակատարները ներկայացուցին Ս. Աստուածածինին նուիրուած շարականներու եւ հոգեւոր երգերու շարք մը: Աւարտին, առաջնորդը գնահատանքի խօսքերով շնորհաւորեց ձեռնարկի կազմակերպիչները, գնահատեց եկեղեցւոյ հովիւին, հոգաբարձութեան եւ դպրաց դասի անդամներուն նուիրեալ ծառայութիւնը: Վեր առնելով Վերափոխման տօնին խորհուրդը` սրբազանը անդրադարձաւ Աստուածածինի վարքին եւ առաքինութեան, որ բարի պատգամ մըն է բոլոր քրիստոնեաներուն, մանաւանդ` մեր մայրերուն համար:
17 օգոստոսին տեղի ունեցան ժամերգութիւններ, իսկ երեկոյեան, կիրակմուտքի ժամերգութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ աղի օրհնութիւն եւ մատաղի պատրաստութիւն:
18 օգոստոսին ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Սրբազանը դրուատեց Աստուածածինի առաքինութիւնները` նշելով, որ ան Ս. հոգիով յղացած մաքուր կեանք մը ապրած էր, որ եղաւ չափանիշը մայրութեան, հնազանդութեան, զոհողութեան, խոնարհութեան եւ մաքրակեցութեան: Առաջնորդը կոչ ուղղեց հայ մայրերուն, որ Ս. Աստուածածինի օրինակով իրենց ընտանիքիները դաստիարակեն քրիստոնէական արժէքներով եւ մեր հաւատքին ու ազգային աւանդներուն չափանիշներով:
Ս. պատարագի աւարտին Սրբազանը կատարեց խաղողի օրհնութիւն եւ մատաղօրհնէք:
————————————
Փորթուգալ
Սփիւռքահայ Գրականութեան Նուիրուած Ձեռնարկներ
23-25 յուլիսին Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցան սփիւռքահայ գրականութեան նուիրուած երկու ձեռնարկներ:
Օժանդակութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին, առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Փորթուգալի մայրաքաղաքի Կաթոլիկ համալսարանին մէջ, որ նիստ մըն էր եւ մաս կը կազմէր Արդի լեզուի ընկերակցութեան միջազգային համաժողովին: Այս տարուան խորագիրն էր` «Վերյիշելով կորսուած ձայներ»: Գլխաւոր արծարծման նիւթն էր` «Վերականգնելու մարդկութեան կորսուած ձայները»:
«Կայսրութիւն, ազգ, սփիւռք. հայեացք մը հայկական փորձառութենէն» խորագրեալ նիստը քննարկեց Յակոբ եւ Վահէ Օշականներուն գրական գործերը: Հայր եւ որդի Օշականներու ապրած կեանքը միասնաբար կը ծաւալի ամբողջ քսաներորդ դարու տեւողութեամբ: Իսկ գրական եւ քննադատական արտադրութիւնը կ՛արձանագրէ սահմանները կայսերական, ազգային եւ սփիւռքեան նախագիծներուն: Նիստը վերլուծեց երկու գրողներուն յետագիծերը, ինչպէս նաեւ` անոնց ընդմէջէն տարածուող բարդ գրական կապակցութիւնները:
Նիստը վարողն էր Միշիկընի համալսարանի հայագիտական բաժինէն Կարէն Ճալլաթեանը, որ շեշտեց կատարուածին առանձնայատկութիւնը` հաստատելով, որ առաջին անգամն է, որ Արդի լեզուի ընկերակցութեան նիստ կը գումարուի Յակոբ եւ Վահէ Օշականներուն մասին: Ան յոյս յայտնեց, որ ասիկա կը նպաստէ օշականեան ուսումնասիրութիւններու յառաջխաղացումին, բան մը, որ իր հերթին պիտի առաջնորդէ նոր տեսանկիւններու` Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, սփիւռքի գրականութեան յատկանիշներուն եւ կարելիութիւններուն, ինչպէս նաեւ կորուստին, վերապրումին եւ վերյիշումի մտածողութիւններուն մէջ:
Առաջին զեկուցողն էր Լոնտոնի «Քուին Մերի» համալսարանէն Նանոր Քեպրանեանը, որ ներածական իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն անտեսանելիութեան, որուն դատապարտուած է սփիւռքի հայերէն գրականութիւնը ամերիկեան համալսարանական աշխարհին մէջ: Նման անտեսանելիութիւն բնական երեւոյթ է, որովհետեւ անիկա դուրս է յետ գաղութատիրական, յետ օսմանեան, Միջին Արեւելքի, ինչպէս նաեւ ցեղային եւ տարածաշրջանային ուսմանց սահմաններէն: Քեպրանեանը ապա մեկնաբանեց Յակոբ Օշականի գրականութիւնը` իբրեւ համակերպուելու մերժում:
Կարէն Ճալլաթեանը առաջարկեց ընթերցում մը` Վահէ Օշականի «Հրուանդան» անաւարտ եւ անտիպ պատմական վիպաշարէն, յայտնելով, թէ ան ինչպէ՛ս վերստին կը գրէ Յակոբ Օշականի «Մնացորդաց»-ը` սփիւռքեան ենթահողէն մեկնած: Հեղինակը, այսպիսով, կ՛ընծայէ հազուադէպ տեսանկիւն մը` հայ ժողովուրդի կայսրութենէն ազգ եւ ազգէ ալ սփիւռք անցումները բնորոշելու առումը:
Քալիֆորնիոյ համալսարանէն Յակոբ Կիւլիւճեանը ներկայացուց երրորդ զեկոյցը` փորձարկելով բաղդատական ընթերցում մը Նիկողոս Սարաֆեանի եւ Վահէ Օշականի բանարուեստներուն միջեւ:
Եզրափակիչ ելոյթը ունեցաւ Պոսթընի համալսարանէն Թալին Ոսկերիչեանը` խորհրդածելով Վահէ Օշականի հայերէն սփիւռքեան գրականութեան մասին: Ան վերլուծեց հեղինակին 1962-ին արտայայտած «Մեծ հօրդ գերեզմանաքարին վրայ փոքեր պիտի խաղաս, եթէ գրող ես» խօսքը` ուշադրութիւն դարձնելով գրականութեան մէջ վտանգին ընդառաջ երթալու արարքի բազմաշերտութեան, որ կը յատկանշէ այն, որ Վահէ Օշական կոչած էր «սփիւռքի զգայնութիւն»:
26 յուլիսին, Արդի լեզուի ընկերակցութեան համաժողովին ծիրին մէջ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը ցուցադրեց Հրայր Անմահունիի «Վահէ Օշական. միջնարար» փորձառարական վաւերագրական ժապաւէնը, որ ցուցադրուած է նաեւ Երեւանի մէջ` Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին եւ Միրզոյեան գրադարանին, Լոս Անճելըսի մէջ` Քալիֆորնիոյ համալասարանի եւ «Ապրիլ» գրատան, Փարիզի մէջ` Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հաստատութեան, ինչպէս նաեւ Մոնրէալի Համազգայինի մասնաճիւղին մէջ:
Շարժապատկերը կը մէկտեղէ քաղուածքներ Վահէ Օշականի բանաստեղծութենէն, Օհաննէս Սալիպեանի կողմէ կատարուած անոնց ելեկտրոնային ձայնագրութիւնները` Մարկ Նշանեանէն, Գրիգոր Պըլըտեանէն, Գրիգոր Շահինեանէն, նոյնիսկ` Օշականի վերլուծութիւններէն: Արդիւնքը գրաւիչ եւ տեղեկատուական գործ է` հարուստ համադրութիւն լեզուի, պատկերի, ձայնի, քննողական ակնարկի եւ կենսագրական պատումի:
Միացեալ Նահանգներ
Ս. Աստուածածինը` Հայ Եկեղեցւոյ Շարականներու Ճամբով
Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւին եւ հոգաբարձութեան, «Ս. Աստուածածինը հայ եկեղեցւոյ շարականներու ճամբով» նիւթը ներկայացուց Արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան: Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 16 օգոստոսին, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ:
Երեկոյթին բացման խօսքը կատարեց Հրակ Պարտիզպանեան. ան մասնաւորապէս անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին եւ սրբազան հօր կենսագրական գիծերուն. «Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը բոլորիս սիրտին մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ: Յատկապէս այս ամսուան խաղողը տարբեր համ ու հոտ կ՛ունենայ, որովհետեւ կը զգանք Աստուածամօր օրհնութիւնը անոնց վրայ: Եւ այսօր, այս գեղեցիկ առիթը ունինք մեզի հետ ունենալու մեր թեմի առաջնորդական փոխանորդը, որպէսզի ներկայացնէ ու մեզի սորվեցնէ Ս. Աստուածածինը հայ եկեղեցւոյ շարականներու ճամբով: Առաջին առիթն է այսօր, որ պիտի ճանչնանք Ս. Աստուածամայրը մեր գեղեցիկ շարականներու ճամբով»:
Թորգոմ սրբազանը նախ խօսեցաւ Աստուածածինի մակդիրներուն մասին, ապա արտայայտուեցաւ շարականներու հնութեան ու շարականներուն` Աստուածածինի զգացումներն ու ապրումները լաւագոյն ձեւով արտայայտելուն մասին: Ի վերջոյ սրբազանը խօսեցաւ Աստուածամօր եւ Յիսուսի` մայր ու զաւակի յարաբերութեան մասին:
Սրբազան հայրը խօսեցաւ, երգեց եւ նուագեց իր հրամցուցած շարականներն ու մեղեդիները ապրելով եւ ապրեցնելով ներկայ հանրութիւնը: Ան խոր ապրումներով մեկնաբանեց տասնեակ մը շարականներ, ինչպէս` «Վարանիմք Ի Մեղաց», «Անթառամ ծաղիկ», «Այսօր ժողովեալ», «Ո՞ւր ես, մայր իմ», «Խնկի ծառին նման ես», «Զանճառելի լուսոյ Մայր»:
Մելիքեան Եղբայրներու Անուան Կրթանպաստի Հիմնադրամ` Ֆրեզնոյի Հայագիտականին
Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտականի ծրագիրի վարիչ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան կը հաղորդէ, թէ վերջերս հաստատուած է Մելիքեան եղբայրներու անուան կրթանպաստի հիմնադրամ մը, որ պիտի աջակցի համալսարանին հայագիտականին կարիքաւոր ուսանողներուն:
Հիմնադրամը հաստատուած է շնորհիւ նոյն համալսարանէն շրջանաւարտ Ճէյմզ Մելիքեանի կատարած 5100 տոլարի նուիրատուութեան:
Քանատա
Համազգայինի Քանատայի Շրջանի 40-րդ Շրջանային Ժողովը
17 օգոստոսին Քինկսթընի «Տելթա Հոթել Քինկսթըն Ուոթըրֆրոնթ» ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Քանատայի շրջանի 40-րդ միօրեայ Շրջանային ժողովը` ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Վիգէն Թիւֆէնքճեանի եւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վահէ Յակոբեանի:
Օրակարգի աւարտին տեղի ունեցաւ 2019-2020 տարեշրջանի Քանատայի Շրջանային վարչութեան կազմի լրացուցիչ ընտրութիւնը: Նորակազմ վարչութեան անդամներն են` Ծովիկ Գահվէճեան` ատենապետ, Մեղեդի Էթիեմեզեան` ատենադպիր, Սալբի Մարգարեան` գանձապահ, Մարալ Պէրպէրեան` խորհրդական, Սիւզի Նաճարեան` խորհրդական:
Ջաւախք
«Ջաւախք` Գոյներու Աշխարհ» Փառատօնը
Կազմակերպութեամբ «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամին եւ «Սփիւռքահայ ուսանողներու խորհուրդ» ՈՒՀԿ-ին, աջակցութեամբ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզական նախարարութեան, 8-11 օգոստոսին տեղի ունեցաւ «Ջաւախք` գոյներու աշխարհ» փառատօնը:
Փառատօնի առաջին օրերուն հայ եւ վրացի 30 երիտասարդ նկարիչները Թիֆլիսէն, Ախալցխայէն, Ախալքալաքէն, Նինոծմինդայէն, Երեւանէն, Աբովեանէն, Հրազդանէն եւ Գիւմրիէն, բաժանուելով չորս խումբերու, իրենց ղեկավարներուն` ջաւախեցի նկարիչներ Վիկտոր Յովհաննէսեանի, Ալեքսանդր Իգիթխանեանի, Համլեթ Արոյեանի, Մնացական Ղալաչեանի հետ այցելեցին Ջաւախքի տեսարժան վայրերը եւ պատմամշակութային կոթողները ու կտաւին յանձնեցին զանոնք:
11 օգոստոսին Ախալցխայի Վահրամ Գայֆեճեանի անուան ստեղծագործողներու միութեան մէջ կայացաւ «Ջաւախք` գոյներու աշխարհ» փառատօնի ցուցահանդէսը` ներկայութեամբ ՋԱՀ-ի պատուիրակութեան եւ գլխաւորութեամբ հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սօս Սահակեանի, նաեւ Հայաստանէն, Վրաստանէն եւ Ռուսիայէն բազմաթիւ հիւրերու:
Սօս Սահակեան նկատել տուաւ, որ պատահական չէ փառատօնի կայացումը Ախալցխայի մէջ, ուր ծնած են յայտնի հայ նկարիչներ, ինչպէս` Վարդգէս Սուրէնեանց, Վահրամ Գայֆեճեան, Յակոբ Կոջոյեան եւ այլն, աւելցնելով, որ ծրագրած են կազմակերպել ամէնամեայ դրութեամբ կերպարուեստի փառատօն:
ՋԱՀ-ի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սօս Սահակեանի 70-ամեակին առիթով նկարիչները միասնաբար մէկ կտաւի վրայ անոր դիմանկարը պատկերելով` նուիրեցին իրեն:
Ցուցահանդէսի աւարտին փառատօնին մասնակիցները ստացան պատուոյ գիրեր, իսկ երեք նկարիչներ ստացան նաեւ մրցանակներ: