«Թող տպաւորութիւն չստեղծուի, որ ես կը խուսափիմ պատասխանատուութենէ: Ես ո՛չ այդ մարդն եմ, ո՛չ ալ իմ անցած ճամբով նման ենթադրութիւններու տեղ տուած եմ: Այնտեղ, ուր ես համոզուած եղած եմ, համոզուած ձեւով ըսած եմ` այո՛, օրէնսդրութիւնը պահպանուած է Հայաստանի շրջակայ միջավայրի ազդեցութեան փորձաքննութեան արդիւնքով, բայց արդեօք ասիկա կը նշանակէ, որ Ամուլսարը ենթակա՞յ է շահագործման, թէ՞ ոչ` ասիկա բնապահպանութեան նախարարութեան իրաւասութենէն դուրս հարց է», «Առաւօտ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի բնապահպանութեան նախկին նախարար Արծուիկ Մինասեան:
«Առաւօտ»-ի թղթակիցը յիշեցուցած է, թէ Ամուլսարի վերաբերեալ ՀՅԴ-ի յայտարարութենէն ետք ոմանք մեղադրեցին Դաշնակցութիւնը` յիշեցնելով, թէ նախարար եղած ժամանակ Արծուիկ Մինասեան ի՛նչ յայտարարութիւններ կը կատարէր: Ան հարցուցած է, թէ նոյն կարծիքին մնացա՞ծ է, որ ինչպէս ինք նախարար եղած ժամանակ յայտարարած էր` Ամուլսարի շահագործման իրաւական գործընթացները կը համապատասխանեն օրէնսդրական կարգաւորումներուն, որ Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութեան կողմէ իրականացած փորձաքննութեան արդիւնքներով Ամուլսարի հանքավայրին մէջ օրէնքի խախտումներ չեն արձանագրուած եւ այլն, Արծուիկ Մինասեան արձագանգեց, որ ընկալելի կը նկատէ, երբ ՀՅԴ-ի յայտարարութիւնը նման քննարկման առարկայ կը դառնայ եւ աւելցուց. «Թող ամպագոռգոռ չհնչէ, բայց ամէնէն հիմնաւոր մօտեցումը Դաշնակցութիւնը յայտնած է. այդ պատճառով շատերը, որոնք ի սկզբանէ կը փորձեն Դաշնակցութեան գործողութիւններուն կամ մօտեցումներուն մէջ հակասութիւններ տեսնել, կ՛ուզեն փորձել հարուածել Դաշնակցութիւնը կամ զայն կը տեսնեն այն հիմնական այլընտրանքային ուժը, որ այսօրուան իշխանութեան կամ քաղաքական ուժերու մրցակիցն է: Այդ պատճառով անոնք կը փորձեն չակերտաւոր հակասութիւններ գտնել Դաշնակցութեան յայտարարութիւններուն մէջ»:
Ան պնդեց, որ իրենց մօտեցումներուն մէջ ոչ թէ հակասութիւն, այլ հետեւողականութիւն կայ: Այնուհետեւ նշեց, որ տակաւին 2005-2006-ին Հայաստանի կառավարութիւնը գործող օրէնսդրութեան շրջագիծին մէջ տուած է հանքի ուսումնասիրութեան արտօնութիւն: Հետագային ուսումնասիրութեան արդիւնքներով, անոնք հաստատուած են ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան կողմէ: Ըստ գործող օրէնսդրութեան, արտօնութեան տրամադրման իրաւասութիւնը վերապահուած եղած է ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան:
Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, բնապահպանութեան նախարարութիւնը եղած է այս շղթային մէկ օղակը, որ պատասխանատու է շրջակայ միջավայրին վրայ ազդեցութեան փորձաքննութեան գնահատման` օրէնսդրութեամբ նախատեսուած ընթացակարգերը պահպանելու հարցին մէջ. «Ամբողջական արտօնութիւնը տրուած է 2014-ին, երբ ո՛չ միայն Դաշնակցութիւնը ընդդիմութիւն էր, այլեւ մենք յամառ ձեւով կը պնդէինք ու կը պահանջէինք, որ օրէնքի դրոյթները պահպանուին: Հետագային բարելաւուած շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան փորձաքննութեան կամ շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան գնահատման ծրարը ներկայացուած է բնապահպանութեան նախարարութիւն ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան միջնորդութեամբ եւ վերանայուած ու դրական եզրակացութիւն տրուած է այս ծրագիրին 2016-ի ապրիլին: Ես իբրեւ բնապահպանութեան նախարար նշանակուած եմ 27 սեպտեմբեր 2016-ին:
Ակնյայտ է, որ ինձմէ առաջ բոլոր այս գործընթացները իրականացած են»: Արծուիկ Մինասեանը թուարկեց, թէ ի՛նչ գործողութիւններ իրականացուցած է, երբ նշանակուած է նախարար:
Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, 2018-ի յայտնի քաղաքական իրադարձութիւններուն պատճառով բոլոր իրենց պայմանաւորուածութիւնները մնացին օդէն կախուած: Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ դեռ Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած կառավարութեան անդամ ըլլալով` զգուշացուցած է, որ կարելի չէ տուրք տալ զգացումներուն, ձգձգել որոշումին կայացումը: Կրկին անդրադառնալով իր եւ ՀՅԴ-ի հասցէին հնչող քննադատութիւններուն` Արծուիկ Մինասեան ըսաւ. «Այսքանէն ետք մարդիկ կանխամտածուած կամ թիւրիմացաբար կը փորձեն մեղադրել մեզ, իբր թէ փոխած ենք մեր տեսակէտները: Ի՞նչ տեղի ունեցաւ անցեալ տարուան ամպագոռգոռ յայտարարութիւններէն ետք, երբ գործող կառավարութիւնը ձեւաւորեց հսկայական սպասումներ հասարակութեան տարբեր շերտերուն մօտ. մարդիկ աշխարհացունց բացայայտումներու կը սպասէին, բայց տեսանք, որ «Էլարտի» հրապարակումէն ետք դժգոհութիւնը ո՛չ միայն չմարեցաւ, այլեւ վարչապետի ուղիղ եթերէն ետք ալ աւելի թէժացաւ այս նիւթը»:
Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, անհրաժեշտ է այս հարցը վճռահատել հանրաքուէի միջոցով:
Պատասխանելով այն պնդումներուն, թէ մարդիկ մասնագէտներ չեն, որ հանրաքուէի միջոցով հանքի շահագործման հարց որոշեն, Արծուիկ Մինասեան նկատեց. «Սահմանադրական հանրաքուէի ժամանակ բոլորը իրաւագէտնե՞ր են: Ասիկա սնանկ փաստարկ է»: