«Մեծ սխալներէն մէկն է կիրարկուած քաղաքականութիւնն ու ծրագիրները դատել ըստ անոնց նպատակներուն ու ո՛չ թէ` արդիւնքներուն»
(«One of the great mistakes is to judge policies and programs by their intentions rather than their results»)
Միլթըն Ֆրիտման (1912-2006, Նոպէլեան մրցանակակիր ամերիկացի տնտեսագէտ)
Վտանգաւոր է «նէօ-լիպերալ» (նոր-ազատական) շարժումին մասին խօսիլ, քննադատել, մութ ծալքեր ու սխալներ մերկացնել… մէջբերելով խօսք մը` այդ բնագաւառէն ներս տարիներ շարունակ իր լուման ներդրած կարկառուն դէմքերէն Միլթըն Ֆրիտմանի: Երբեմն կատարուած յայտարարութիւններ, հաստատումներ եւ իմաստուն խօսքեր ընդգծելն ու վերստին գործածելը կրնան ո՛չ թէ տարբեր իմաստ ունենալ, այլ` բոլորովին հակառակ կարծիքը ստեղծել:
Եթէ նոյնինքն Ֆրիտման ողջ ըլլար, անկասկած համաշխարհայնացած շուկայական լայնածաւալութեան ցայտուն օրինակ` «Լիտիան ինթըրնեշընըլ»-ի հետ մօտէն պիտի գործակցէր, բաւական բաժնետոմսեր ալ պիտի գնէր իր ներդրումը ունենալու համար Սիւնիքի հիւսիսէն սահմանակից` Վայքի շրջանի բնութեան գիրկին մէջ բազմած Ամուլսարի ոսկիի հանքարդիւնաբերութեան աշխատանքներուն:
Դեռ աւելի՛ն. ի՜նչ զուգադիպութիւն: Այլ եւ շատ աւելի ծայրայեղ «նէօ-լիպերալ» գաղափարներու տէր Սպիտակ տան վարձակալ նախագահ Թրամփը, իր տան վարձքը չորս տարիով ալ երկարաձգելու համաձայնագիրը ստորագրելու, այսինքն անգամ մը եւս նախագահ մնալու պայքարի սեմին յանկարծ «փայլուն ու գեղեցիկ» գաղափարը կ՛ունենայ Դանիոյ առաջարկելու, որ պատրաստ է գնելու (… եւ ո՛չ թէ վարձելու) ինքնավար Կրինլենտ կղզին, ուր այդ գեղեցիկ եւ իւրայատուկ տոհմիկ տնակներն ու կառոյցները քանդելով` վստահաբար իր անուան երկնաքեր մըն ալ պիտի կառուցէ, անշուշտ` պեղելով ու շարունակ պեղելով բնութիւնը եւ հոն ալ ստեղծելով շատ աւելի վիթխարի ամուլսարանման հանքեր, որ կարճ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին պատճառ պիտի հանդիսանան ջերմաստիճանի բարձրացման եւ սառցահալին:
Կրինլենտը հեռու է Հայաստանէն, եւ այդ հարցը լուծելն ալ Դանիոյ կառավարութեան պարտականութիւնն է:
Ամուլսարն է հայորդին մտահոգողը, հոգին կճողն ու խայթողը: Ահաւասիկ` ցայտուն օրինակ մը, թէ ընկերային եւ տնտեսական ոլորտէն ներս ինչպէ՛ս կը գործէ երկրի ներկայ «նէօ-լիպերալ» կառավարութիւնը: Նախապէս արդէն, զանազան այլ նիւթերու եւ հարցերու առնչութեամբ, ներկայ ղեկավարութեան ներկայացուցիչներու հնչեցուցած միտքերն ու արտայայտած գաղափարները կ՛արտացոլացնեն «նէօ-լիպերալ» տրամաբանութիւնն ու գործելաձեւը:
Շուրջ տաս հազար ոտք (երեք հազար մեթր) բարձրութեան վրայ գտնուող այս գեղեցիկ շրջանին մէջ, կարելի է վայելել թաքուն բնութիւնը, շնչել ջինջ ու մաքուր օդը, հեռու` մայրաքաղաքի մը հեւքէն կամ Հիւսիսային պողոտայի մը ստեղծած շուայտ ու զեխ տեսքէն: Սակայն «նէօ լիպերալ»-ին համար ալֆան եւ օմեկան հանքեր պեղել, նիւթական շահ ապահովել, պարզ ու մեկին, ազատ շուկայի համակարգը զօրացնելն է:
«Նէօ-լիպերալ» տիպարին համար երկրորդական է կենսոլորտի եւ կլիմայական պայմաններու փոփոխութիւնը, նաեւ` ապականման պատճառով քաղցկեղ յառաջացնող եւ մահացու հիւանդութիւններու տարածումը:
Անընդունելի է այդ Ամուլսարի կանաչ տարածքը (փոքր Կրինլենտ մը) տեսնել «սափրուած», քիմիական աւերիչ նիւթեր տարածող ծխնելոյզներ, հանքային զանազան եւ զարմանազան թունաւոր հեղուկներ փոխադրող խողովակներ, որոնց աւարտը կրնան ըլլալ ի վերջոյ Դարբ, Որոտան, Արփա եւ անշուշտ Սեւան, որ արդէն իսկ կը տառապի կենսոլորտային վտանգաւոր հարցերէ:
Համաշխարհայնացած տնտեսական «նէօ-լիպերալ» աշխարհի մէկ մասնիկն է Ամուլսարի բնական պաշարներու օգտագործումին ետին կանգնող «Լիտիան Արմինիա»-ն, որուն դէմ «ջերմ» պայքարողն է ջերմուկցին, սարը ամուր (եւ ո՛չ ամուլ) պահող ամուլսարցին եւ անշուշտ ու յատկապէս «նէօ-Լիպերալ» տրամաբանութեան եւ արժեհամակարգին դէմ պայքարող հայորդին: