Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տարածաշրջանի Եւ Հորմուզի Նեղուցի Անվտանգութիւնը Կարելի Չէ Երաշխաւորել Առանց Իրանի» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Օգոստոս 23, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իրանեան «Փաուըր 373» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի ցուցահանդէսին ընթացքին յայտարարեց. «Մեր նոր համակարգը ռուսական «Էս-400»-ին մօտ է»:

«Երբ թշնամին պատերազմական օդանաւերը, մարտանաւերը եւ հեռահար հրթիռները օգտագործէ, այն ատեն կրնանք «Փաուըր 373» համակարգը օգտագործել», ըսաւ Իրանի նախագահը:

Ռուհանի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու` Իրանի վրայ տնտեսական ճնշումները սկսան հիւլէական համաձայնագիրէն անոնց դուրս գալէն ետք` նշելով, որ Ուաշինկթըն «այն պատրանքը ունէր, թէ հիւլէական համաձայնագիրէն դուրս գալով եւ Իրանի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելով կրնայ յաղթել»:

«Անցեալ տարի եւրոպացի պաշտօնատարներէն մէկը Թրամփի հետ հանդիպելէն ետք ինծի ըսաւ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը իրեն ըսած է. «Ո՛վ եւրոպացիներ, երեք ամիս սպասեցէք եւ մի՛ մասնակցիք Իրանի հետ տնտեսական ծրագիրներու, երեք ամիս ետք իսլամական հանրապետութեան վարչակարգ պիտի չմնայ»: Պատասխանեցի, թէ Իսլամական հանրապետութիւնը պիտի մնայ եւ ինքն ու իր կուսակցութիւնը պիտի երթան»:

Իրանի նախագահը շեշտեց, որ Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ Ամերիկայի ծրագիրները ձախողութեան մատնուեցան, եւ ան այժմ միջազգային ամբողջական մեկուսացման մէջ է: «Չեմ յիշեր երբեք պահ մը, երբ Ամերիկան իրաւաբանական եւ քաղաքական առումով ըլլայ այսքան մեկուսացուած ու տկար, որքան է հիմա», աւելցուց ան:

«Ամերիկան պարտութիւն կրեց եւ չյաջողեցաւ, մենք յաջողեցանք: Մեր տնտեսական ու ընկերային բոլոր ցուցանիշները ցոյց կու տան, թէ մեր վիճակը նախորդէն լաւ է», ըսաւ Իրանի նախագահը:

«Հարաւի մեր դրացիներէն ոմանք այն կարծիքը յայտնեցին, որ Ծոցի մէջ վերջերս արձանագրուած դէպքերը փաստեցին, թէ վտանգի պահուն Ամերիկան առաջինը փախուստի դիմողը կ՛ըլլայ», նշեց ան:

«Պատրաստ ենք ջրային անցքերուն մէջ անվտանգութիւնը պահպանելու, սակայն պէտք չէ տարածաշրջանին մէջ ձեր բարեկամները քաջալերէք մեզի հետ յարաբերութեան վնաս հասցնելու», ըսաւ Ռուհանի` նշելով. «Տարածաշրջանին մէջ անվտանգութիւն պիտի չտիրէ, եթէ բոլորս ատոր պահպանման մասնակից չդառնանք»:

«Կարելի չէ տարածաշրջանին ու Հորմուզի նեղուցին մէջ անվտանգութիւնը երաշխաւորել առանց Իրանի: Մենք պատրաստ ենք անցքերը անվտանգ պահելու համար շրջանի երկիրներուն հետ երկխօսութեան մէջ մտնելու», շեշտեց Իրանի նախագահը:

Նախորդը

«Ոչ Մէկ Նախագահ Իսրայէլի Համար Կատարած Է Կատարածիս Մօտ Որեւէ Բան» Կ՛ըսէ Թրամփ

Յաջորդը

«Մոսկուա Պիտի Շարունակէ Անգարայի Հետ Գործակցիլ` Իտլիպի Կացութեան Գծով» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Շուրջ Մեր Բանակցութիւնները  Կը Շարունակուին, Եւ Կը Յուսանք Յառաջիկայ  Շաբթուան Ընթացքին Բանի Մը Հասնիլ»
Միջազգային

Թրամփ. «Կազայի Շուրջ Մեր Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Կը Յուսանք Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Բանի Մը Հասնիլ»

Յուլիս 15, 2025
Սուէյտայի Մէջ Զինեալ Բախումներ  30 Զոհ Եւ 100 Վիրաւոր Կը Պատճառեն
Միջազգային

Սուէյտայի Մէջ Զինեալ Բախումներ 30 Զոհ Եւ 100 Վիրաւոր Կը Պատճառեն

Յուլիս 15, 2025
Թրամփ Փութինին Ուքրանիոյ Պատերազմը  Դադրեցնելու 50 Օրուան Պայմանաժամ Կը Ճշդէ
Միջազգային

Թրամփ Փութինին Ուքրանիոյ Պատերազմը Դադրեցնելու 50 Օրուան Պայմանաժամ Կը Ճշդէ

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?