Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Կոմիտասի Ծննդեան 150-ամեակի Նուիրուած Ձեռնարկներ
Ուրուկուէյ
Կազմակերպութեամբ Մոնթէվիտէոյի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, վերջերս նշուեցաւ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը:
Արդարեւ, «Հայկական երեկոյ» անուան տակ բեմադրութիւնը բաղկացած էր երկու բաժիններէ: Առաջին բաժինով պալէի մեծ վարպետ եւ Պուէնոս Այրեսի աշխարհահռչակ «Քոլոն» թատրոնի մէջ երկար տարիներ հանդէս եկած իբրեւ գլխաւոր պարող, իսկ այժմ գեղարուեստական ղեկավար Վահրամ Համբարձումեան մարմնաւորեց Մեծն Կոմիտաս վարդապետի կեանքի չարաբաստիկ` ապրիլ 24-ի վերջին գիշերը, ընկերակցութեամբ «Լռութեան մեղեդին» «Քոլոն» թատրոնի պալէի մենակատարներէն Մակտալենա քորթեսի:
Երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Շիրազ» պարախումբը, պարուսոյց` Վահրամ Համբարձումեան, իսկ փոքրիկ պարողները մարզելու եւ մեծ բեմ բարձրացնելու պարտականութիւնը ստանձնած էր պարուսոյց Քաթիա Զաքարեան:
Ռումանիա
Կազմակերպութեամբ Ռումանահայոց միութեան եւ թեմին, «Հայկական փողոց» եռօրեայ փառատօնի շրջագիծին մէջ 3 օգոստոսին Պուքրէշի առաջնորդանիստ Սրբոց Հրեշտակապետաց մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած համերգ:
Ձեռնարկը սկսաւ Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեանի օրհնութեամբ, որմէ ետք խօսք առաւ ռումանահայ նշանաւոր գրող, հրապարակախօս, թարգմանիչ, խմբագիր, զանազան գիրքերու եւ յօդուածներու հեղինակ Սերժու Սէլեան, որ ժամանած էր Աւստրալիայէն փառատօնին մասնակցելու համար: Ապա հանդէս եկաւ սոփրանօ Արմինէ Խաչատուրեան` նուագակցութեամբ Քարմեն Ասատուրեանի: Համերգի ընթացքին հնչեցին Կոմիտասի նշանաւոր եւ հանրայայտ հոգեւոր ու ազգային ստեղծագործութիւնները:
Համերգի աւարտին եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտասի նուիրուած երկու գիրքերու ռումաներէն թարգմանութիւններու շնորհահանդէսը: Ռիտա Սուլահեան-Գույումճեանի «Խելագարութեան ակունքներու մէջ. Կոմիտաս. հայ կուռքի դիմանկարը» եւ Վարդան Վարդանեանի «Յաւերժ ճամբորդ» աշխատութիւնները ռումաներէնի թարգմանած էր Սերժու Սէլեան, հրատարակութեան պատրաստած էին Սիրուն Թերզեան եւ Միհայ Գազազեան:
——————-
Սուրիա
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Ս. Գէորգ Հրկիզուած Եկեղեցի
3 օգոստոսին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան, ընկերակցութեամբ Ազգային կրօնական եւ վարչութեան ժողովներու ներկայացուցիչներուն, այցելեց Նոր Գիւղի Ս. Գէորգ հրկիզուած եկեղեցին:
Սրբազան հայրը լաւատեղեակ եղաւ եկեղեցւոյ պատմականին, ներքին կառոյցին եւ ընդհանուր իրավիճակին մասին` բացայայտ կերպով տեսնելով պատերազմին հետքերը մատնացոյց ընող վնասները:
Սրբազանը խրախուսիչ խօսքերով թելադրեց լաւատեսութեամբ կառչած մնալ մեր նուիրական սրբութիւններուն, որոնք կը մարմնաւորուին Հայ առաքելական եկեղեցիով, աւելցնելով, որ հալէպահայ գաղութի պատմութեան մէջ անջնջելի դրոշմ ձգած է Ս.Գէորգ եկեղեցին, որուն հովանիին ներքեւ գործած են բազմաթիւ հոգեւոր մշակներ եւ դպիրներ:
Ս. Գէորգ Զօրավարի օրինակին հետեւելու օրհնաբեր առիթ հանդիսացաւ հոգեպարար այցելութիւնը: Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները յուսադրուած էին եկեղեցին վերաբանալու հրամայականով:
Միացեալ Նահանգներ
Լիզպոնի Հինգի Ոգեկոչման Ձեռնարկ
4 օգոստոսին, Քալիֆորնիոյ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի յիշատակ Լիզպոնի գործողութեան նահատակուած հինգ հերոսներուն:
Այնուհետեւ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Օրուան պատգամախօսն էր Աբօ Նգրուրեան:
Ան նկատել տուաւ, որ եօթանասունական թուականներուն սփիւռքի հայութիւնը ապրեցաւ Հայ դատի հետապնդման բուռն եւ նշանակալից օրեր: Տասնամեակներ շարունակ հայ քաղաքական մտածողութիւնը դեգերած էր դիւանագիտական եւ աղերսագիրներու ապարդիւն գործունէութեան վրայ: Դիմած, խնդրած, աղերսած` սակայն ոչ ոք մտիկ ըրած էր զինք:
Առ այդ, եւրոպական մեծագոյն ոստաններէն մինչեւ Աւստրալիա, Ամերիկա կտրիճ եւ անձնուէր տղաք պատռեցին լռութեան վարագոյրը եւ աշխարհին յիշեցուցին ժողովուրդի մը մոռցուած Դատը, յիշեցուցին, որ հայը չէ մոռցած իր բռնագրաւուած հայրենիքը ու աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն զոհերը եւ պահանջեցի՛ն արդարութիւն:
Նգրուրեան լուսարձակի տակ առաւ Լիզպոնի հինգ տղոց սխրագործութիւնը` շեշտելով, որ այդ արարքը հայ ազգային ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ բացաւ այնպիսի նշանակելի էջ մը, որ եղաւ շրջանային եւ միջազգային առումով ամէնէն ցնցիչ դէպքը:
Նգրուրեան հաստատեց, որ Լիզպոնի հինգ տղաքը անձնազոհութեան արարքով ապացուցին, որ իրենց նպատակը ահաբեկչութիւն մը չէր, այլ` նուիրում հայոց արդար Դատին ու հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն, աւելցնելով, որ անոնց զոհաբերութիւնը եւ թափած արիւնը ի զուր չանցաւ: Անոնք կը գիտակցէին, թէ ցնցելու համար միջազգային կեցուածքը` պէտք էր արտասովոր ու գերմարդկային արարք, որմէ ետք համայն աշխարհ պիտի սկսէր հետաքրքրուիլ Հայոց ցեղասպանութեամբ, եւ այս արարքէն ետք եւրոպական բազմաթիւ երկիրներ ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Նգրուրեան շեշտեց, որ մենք սփիւռքի մէջ ոչինչ պիտի խնայենք Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան, հզօրացման եւ միասնականութեան ի խնդիր, նաեւ` ի խնդիր Հայ դատի եւ հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան:
ՀՄԸՄ-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Նաւասարդեան 29-րդ Խաղերը
Հովանաւորութեամբ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի, նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան, 4-7 յուլիսին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցան ՀՄԸՄ-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու 29-րդ Նաւասարդեան խաղերը:
Բացման հանդիսութիւնը ընթացք առաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Մուշեղ Ա. քհնյ. Տէր Գալուստեանի յիշատակը, որ տարիներ շարունակ զօրավիգ կանգնած է ՀՄԸՄ-ին, նաեւ միութեան ծառայութեան շքանշանակիր Ուաշինկթընի մասնաճիւղէն` Համօ Սարտարպէկեանցի:
Շրջանային վարչութիւնը յայտարարեց, որ Նաւասարդեան խաղերու երէց տղոց վոլիպոլի բաժակը պիտի կրէ Համօ Սարտարպէկեանցի անունը` յաջորդող հինգ տարիներուն:
Օրուան հանդիսավար Նազարէթ Ապաճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք ելոյթ ունեցան` Նիւ Եորքի մասնաճիւղի ատենապետ Էտի Թորոսեան, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Արամ Գայսերեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Հրաչ Մեսրոպեան եւ սրբազան հայրը:
29-րդ Նաւասարդեան խաղերուն առթիւ հրատարակուեցաւ յուշամատեան-գրքոյկ մը:
5 յուլիսին տեղի ունեցաւ պարահանդէս, իսկ 6 յուլիսին տեղի ունեցաւ յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը, որուն բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Նիւ Եորքի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Էտի Թորոսեանը: Այնուհետեւ խօսք առին` ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան Մհեր Մարգարեանը, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Արամ Գայսերեանը, ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Խաժակ Մկրտիչեանը, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Հրաչ Մեսրոպեանը եւ առաջնորդական փոխանորդ հայր Սահակ Եմիշեանը: Ապա տեղի ունեցաւ բաժակներու եւ յուշատախտակներու բաշխում:
Փիթըր Մսըրլեան Արժանացաւ «Էմմի»-ի Մրցանակին
Վերջերս վաւերագրական ժապաւէններ արտադրող Փիթըր Մսըրլեան արժանացաւ Լոս Անճելըս շրջանի «Էմմի»-ի մրցանակին` Նորթ Հոլիվուտի «Սապան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ընթացքին: Մրցանակը իր տեսակին մէջ երորրդն է Մսըրլեանին համար:
Արդարեւ, Մսըրլեանի 52 վայրկեան երկարող վաւերագրական «Ողջակիզման մենախօսութիւն» ժապաւէնը, որ մայիս 2018-ին ցուցադրուած էր հանրային պատկերասփիւռի ընկերութեան Լոս Անճելըսի «Քէյ. Էլ. Սի. Էս.» կայանէն, խլեց «Անկախ ծրագիրներ»-ու բաժանմունքին մրցանակը: Լոս Անճելըսի Լրագրողներու ակումբի մրցանակին արժանացած «Ողջակիզման մենախօսութիւն» ժապաւէնը, որ նկարահանուած է Միացեալ Նահանգներու, Հունգարիոյ եւ Լեհաստանի մէջ, պատմութիւնն է Հրէական ողջակիզումէն վերապրած Թիփըր Ֆիշըլի:
Փիթըր Մսըրլեան, որ հայութիւնը յուզող հարցերու նուիրուած առաւել քան 20 ժապաւէններ պատրաստած է, շահած է նաեւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ ձայնասփիւռային եւ պատկերասփիւռային լուրերու միութեան 24 «Կոլտըն Մայք» մրցանակներ: Անոր ժապաւէններուն ծանօթանալու համար կարելի է այցելել www.globalistfilms.com կայքը:
Յունաստան
Հայ Դատի Յանձնախումբի Հանդիպումը Նիքիթաս Քաքլամանիսին Հետ
1 օգոստոսին ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ Հռիփսիմէ Յարութիւնեանը եւ Խաչիկ Ապարեանը հանդիպում ունեցան հելլէն խորհրդարանի Ա. փոխնախագահ Նիքիթաս Քաքլամանիսին հետ` խորհրդարանի իր գրասենեակին մէջ : Յանձնախումբին անդամները շնորհաւորեցին զայն Յունաստանի խորհրդարանի Ա. փոխ նախագահի պաշտօնին ընտրուելու առիթով եւ մաղթեցին բեղուն ու արդիւնաշատ աշխատանք:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Յունաստանի հայ համայնքին վերաբերող հարցեր, ինչպէս եւ` հայ-յունական յարաբերութիւններու ամրապնդման ու հետագայ զարգացման ուղիներ: Նշենք, որ Քաքլամանիս հայ-յոյն ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութեան եւ սեղմ համագործակցութեան հաստատ կողմնակիցը եղած է իր քաղաքական կեանքի բոլոր փուլերուն:
Ֆրանսա
Հայկական Պաքալորէայի Յաջողութիւն
Յունիսի վերջերը Վալանսի Հայկական կապոյտ խաչ վարժարանէն ութ աշակերտներ` Աննա Իշաքեան, Սառա Ճինպաշեան, Լուիզա Պոյաճեան, Լոռի Պարտաքճեան, Ժիւլիա Գիզիրեան, Անգինէ Գիզիրեան, Տաթեւ Միրզոյեան, Մելենա Մելքոնեան յաջողեցան հայկական պաքալորէայի մէջ, որուն մէջ որպէս առաջին լեզու կը նկատուէր հայերէնը: Անոնք որպէս արդիւնք` հաւաքած են 17-19-ի միջեւ նիշեր: Իրենց ուսուցչուհին էր Վալանսի Հայկական կապոյտ խաչ վարժարանի քսան տարուան դասատու Էլիզապէթ Ալաշեանը: Ութ աշակերտներէն վեցը արեւմտահայերէնով ներկայացուցին իրենց քննութիւնը, իսկ երկուքը` արեւելահայերէնով: Անոնք ամէն չորեքշաբթի շաբաթական դրութեամբ կը յաճախէին Վալանսի Հայկական կապոյտ խաչ վարժարանը եւ կը հետեւէին արեւմտահայերէն կամ արեւելահայերէն դասընթացքներուն:
Վարժարանի դասատու Էլիզապէթ Ալաշեանը նկատել տուաւ, որ արեւելահայերէն դասաւանդումը, որ այս տարի սկսած էր, պիտի շարունակուի դասաւանդուիլ վարժարանէն ներս:
Յայտնենք, որ Կապոյտ խաչի Ազգային վարչութիւնը նշանակած է Էլիզապէթ Ալաշեանը` ներկայացնելու Ֆրանսայի Հայկական կապոյտ խաչի գործունէութիւնը համաշխարհային ծերակոյտի ժողովին մէջ, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբերին Մոնրէալի մէջ, ներկայութեամբ Ֆրանսայի Հայկական կապոյտ խաչի նախագահ Սեւան Մարտիրոսեանի: Սոյն ժողովին ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Վալանսէն Թամար Ստեփանեանը իբրեւ Ֆրանսայի օգնական ներկայացուցիչ, ինչպէս նաեւ` Վալանսի Կապոյտ խաչի այլ անդամներ:
Եգիպտոս
Ալեքսանտր Սարուխանի Նուիրուած Հատորի Մակագրում
Հովանաւորութեամբ մշակոյթի նախարար դոկտ. Ինաս Ապտել Տայեմի, գործակցութեամբ Մշակոյթի բարձրագոյն խորհուրդին եւ Երգիծանկարչութեան եգիպտական ընկերակցութեան, 28 յուլիսին Ռամլաթ Պուլաք շրջանի եգիպտական Ազգային գրադարան-վաւերագրատան մէջ երգիծանկարչութեան յիշողութիւնը նախագիծին բացումը կատարուեցաւ «Սարուխան… անյայտ սկիզբ» խորագիրը կրող գիրքի մակագրութեամբ:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին` Ազգային գրադարան-վաւերագրատան վարչութեան նախագահ դոկտ. Հիշամ Ազմի, Ծաղրանկարչութեան եգիպտական ընկերակցութեան վարչութեան նախագահ արուեստագէտ Կոմհա Ֆարահաթի, Երգիծանկարչութեան յիշողութիւնը նախագիծի հեղինակ հետազօտող Ապտալլա Սաուի: