«Եւրոպայի-լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր երեքշաբթի, 6 օգոստոսին, Հայաստանի ախոյեան Արարատ Արմենիա Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Վրաստանի ախոյեան Սապուրթալոն:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 18:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ:
Երեւանեան կազմը, գլխաւորութեամբ մարզիչ Վարդան Մինասեանի, կատարեց իր վերջին փորձերը` պատրաստուելու համար այս կարեւոր ճակատումին:
Արարատ Արմենիայի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ կէսօրին յայտնեց, որ 14.392 տոմսերէն ցարդ տասը հազար տոմսեր չեն վաճառուած:
Տոմսին արժէքը 200-էն 1000 դրամ է: Կ՛ակնկալուի, որ այսօր տոմսերու վաճառքին գծով քիչ մը աւելի հետաքրքրութիւն ստեղծուի հայրենի ֆութպոլասէր հասարակութեան մօտ: