Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ այս շաբաթավերջին` 9 եւ 10 օգոստոսին, տեղի պիտի ունենան յատուկ փորձեր, որպէսզի ընտրուին այն մարզիկները, որոնք մաս պիտի կազմեն Լիբանանի 17 տարեկանէն վար տղոց ազգային խումբին: Այս փորձերը տեղի պիտի ունենան հսկողութեամբ մարզիչ Մարուան Խալիլի:
Փորձերուն կրնան մասնակցիլ 1 յունուար 2020-ի ծնունդ եւ վեր մարզիկները:
Ուրբաթ, 9 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 18:00-էն 19:30: փորձերը տեղի պիտի ունենան Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ:
Իսկ շաբաթ, 10 օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-էն 17:30, փորձերը տեղի պիտի ունենան Ամալ Պիքֆայայի դաշտին վրայ: