14 ապրիլ 2018-ին հանդիսաւոր կերպով բացուած Համազգայինի «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրը արդէն իսկ տուաւ իր առաջին հունձքը` անմեղութիւն բուրող եւ տարուած աշխատանքին խօսուն մէկ պատկերը հանդիսացող նախաձեռնութեամբ մը, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 19 յուլիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ծաղկաձորի մէջ գտնուող մանկամսուրի շրջափակին մէջ:
Ներկաները ողջունեց «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրի պատասխանատու Լոռի Սնապեանը, որ տեղեկացուց, թէ 36 փոքրիկներ արդէն իսկ կ՛աւարտեն մանկամսուրը եւ վերամուտին իրենց քայլերը պիտի ուղղեն դէպի մանկապարտէզի Վարդագոյն դասարան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահեցան մանկամսուրին եւ անոր անձնակազմին, որ ականատես եղաւ մանուկներուն ֆիզիքական եւ մտային զարգացման, անոնց համար ստեղծեց խաղի ապահով ու ուրախ միջավայր մը:
Լ. Սնապեանը շեշտեց, որ մանկամսուրին նպատակը այբուբեն եւ թիւեր սորվեցնելը չէ, որովհետեւ այդ բոլորը պիտի կատարուին մանկապարտէզին մէջ, այլ իրենց նպատակն է զարգացնել եւ ամրապնդել այն բոլոր հմտութիւնները, որոնք պիտի կազմաւորեն փոքրիկը, որպէսզի ան յաջողի իր ընկերային կեանքին մէջ: Ան նշեց, որ այս տարիքի երեխաներուն սորվելու նախասիրած ձեւը խաղն է, դիտել տալով, որ մասնագիտականօրէն սերտուած խաղերուն ընդմէջէն փոքրիկները կը զարգացնեն իրենց երեւակայութիւնը, լսողութիւնը, ինքնավստահութիւնը, ինչպէս նաեւ` լեզուական, ֆիզիքական, հոգեկան, մտային եւ ընկերային կեանքի այլ հմտութիւններ:
Իր խօսքը եզրափակելով` Լոռի Սնապեանը ըսաւ, որ հակառակ մանկամսուրին առաջին տարին ըլլալուն` աշխատանքները մասնագիտականօրէն տարուեցան, փոքրիկներուն թիւը վերամուտին 42-էն արդէն հասած է 76-ի, դժուարութիւնները կը յաղթահարուին, եւ ծնողներուն վստահութեամբ կարելի կ՛ըլլայ յառաջ ընթանալ:
Այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեանը, որ անդրադարձաւ տարի մը եւ երեք ամիս առաջ կատարուած «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրի բացումին` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ: Ան դիտել տուաւ, որ բացման հանդիսութեան իր խօսքին մէջ յոյս յայտնած էր, որ մանկամսուրը վերածուի փեթակի մը, իսկ աւելի քան տարի մը ետք արդէն կարելի է ըսել, որ անիկա գործնականօրէն աշխուժ փեթակ մըն է` շնորհիւ ծնողներուն վստահութեան եւ մանկամսուրի անձնակազմին գուրգուրանքին, հետեւողական ու մասնագիտական գործունէութեան, առաւօտեան ժամը 7:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 երեխաներուն հետ տարած տարբեր տեսակի աշխատանքներուն, որոնց ընդմէջէն անոնք շատ բաներ սորվեցուցին մանուկներուն:
Փ. Եղիայեան շեշտեց, որ մանկամսուրին նպատակն էր փոքրիկներուն համար ստեղծել ապահով, անկաշկանդ ու հանգիստ միջավայր մը:
Խօսքերէն ետք բեմ բարձրացան մանուկները, որոնք իրենց անմեղութեամբ ու քաղցրութեամբ լեցուցին բեմը, իրենց սորված մարզանքները ընելու կամ երգերը ներկայացնելու ընթացքին ներկաներուն մէջ փնտռեցին իրենց ծնողները, որսացին հարազատ դէմքեր, ժպտեցան, լացին, ամչցան, ապշեցան, շուարեցան կամ, առանց ներկաներէն ազդուելու իսկ, գեղեցիկ ու ամբողջական կերպով կատարեցին իրենց թելադրուածը: Որքա՜ն գրաւիչ է մանուկներուն աշխարհը, որքա՜ն լաւ աշխատանք տարուած է «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրի յարկին տակ, որքա՜ն հայկական ու հարազատ է ամէն բան, նաեւ բացայայտ էր, որ ուսուցիչները մնայուն կերպով մեծ գուրգուրանքով եւ ուշադրութեամբ կը հետեւէին իւրաքանչիւր մանուկի:
Հանդէսի վերջին բաժինով իւրաքանչիւր երեխայ կրկին բեմ բարձրացաւ եւ ստացաւ իր առաջին վկայականը` ուրախութեան եւ յուզումի պահեր պարգեւելով ծնողներուն ու հարազատներուն, որոնք ո՛չ միայն տուեալ պահուն, այլ տարուան մը տեւողութեան զգացած էին մանկամսուրի յարկին տակ իրենց զաւակներուն նկատմամբ տարուած հոգածութիւնը, գուրգուրանքը, ուսուցիչներուն ճիգն ու մղումը միշտ ամէնէն լաւն ու կառուցողականը ջամբելու փոքրիկներուն ընդարձակ, յարմարաւէտ տարածքով, անհրաժեշտ բոլոր պայմաններով ու մասնագիտացած անձնակազմով օժտուած այդ կառոյցին մէջ: