Շաբաթ 20 յուլիսին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան Ա. խմբակին մրցումները հասան իրենց աւարտին, երբ տեղի ունեցան վերջին` երրորդ հանգրուանի մրցումները:
Հայաստանի հաւաքականը, որ իր կատարած առաջին մրցումին պարտուած էր Սպանիայէն (4-1), ապա` Իտալիայէն (4-0), երրորդին եւս պարտուեցաւ, բայց այս անգամ Փորթուգալէն` 4-0 արդիւնքով:
Այսպիսով, Արթուր Ոսկանեանի գլխաւորած կազմը երեք մրցումի ընթացքին նշանակեց միայն կոլ մը եւ իր բերդին մէջ ստացաւ 12 կոլ:
Փորթուգալ եւ Սպանիա, որոնք ապահովեցին 7-ական կէտ, ապահովեցին կիսաւարտական իրենց տոմսերը:
Իտալիա 3 կէտով գրաւեց երրորդ դիրքը եւ դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Բ. խմբակին մաս կազմող խումբերն են Ֆրանսա, Նորվեկիա, Իրլանտա եւ Չեխիա:
Կիսաւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան 24 յուլիսին, իսկ աւարտականի մրցումը` 27 յուլիսին: