Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին երկու օրերու վրայ տեղի ունեցաւ Արզի 28-րդ ռելին` հովանաւորութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի:
Հիւսիսային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած այս ռելիին իրենց մասնակցութիւնը բերին 18 ինքնաշարժներ:
311,21 քմ երկարութիւն ունեցող այս ռելիին տիրացաւ Ռոժէ Ֆըղալի («Սքոտա-Ֆապիա Ար. -5»), որ իր օգնականին` Ժոզեֆ Մաթարի հետ ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 1 ժամ 11’23 արդիւնք մը:
1 ժամ 14’57” արդիւնք մը արձանագրելով 2-րդ դիրքը գրաւեց Փաթրիք Նըժէյմթիերի Ռուհանա զոյգը («Միթսուպիշի լենսըր-Էվօ-9»), մինչ փոտիոմ բարձրացած երրորդ զոյգը հանդիսացաւ Ռոտրիք Ռահի-Ժորժ Նատեր զոյգը, որ արձանագրեց 1 ժամ 15’11” արդիւնք մը («Էվօ-9»):
Այս ռելիին ամբողջ տեւողութեան, սկիզբէն մինչեւ անոր աւարտը, միշտ ալ զգալի էր Ֆըղալիի առաւելութիւնը ռելիին մասնակցող բոլոր վարորդներուն վրայ:
Յայտնենք, որ այս ռելին կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիներու 2019 տարուան ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ձեռամբ կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուներուն:
Լուսանկարները Տրամադրեց` «Էմ. Էմ. Էս.» – Ռէյսինկ»





