Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Նէյմարի հայրը մեկնեցաւ Թորինօ, որպէսզի բանակցի Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուսի թեքնիք տնօրէն Ֆապիօ Փարաթիչիի հետ:
Նէյմարի հայրը իր զաւկին գործակատարն է:
Ան աշխատանք կը տանի, որ իր զաւակը այլ կազմի մը միանայ, հակառակ անոր որ մայրաքաղաքի կազմին հետ անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2022-ին: