ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխան Ալի Պեզզի Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցան Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին երեսփոխաններ Բագրատունի եւ Պեզզի Փելոսիի փոխանցեցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն յատուկ ողջոյններ:
Իսկ Փելոսի յիշեց տարիներ առաջ Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը` աւելցնելով, որ ինք բարձր կը գնահատէ խորհրդարանի նախագահն ու անոր ներդրումը Լիբանանի ներքին կեանքի անդորրութեան պահպանման մէջ:
Յ. Բագրատունի Արտասանեց Իր Խօսքը
Նշենք, որ Խորհրդարանական ղեկավարութեան ֆորումին շրջագիծին մէջ, Յ. Բագրատունի արտասանեց իր խօսքը` իբրեւ լիբանանցի քաղաքական մարդ, որ ապրած է լիբանանցի եւ հայ ժողովուրդներու տեսած դժուարութիւնները:
Յ. Բագրատունի շեշտեց կուսակցութիւններու եւ քաղաքական ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը, երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնն ու ուրիշը ընդունելու անհրաժեշտութիւնը` այն համոզումով, թէ ուրիշը ընդունելով եւ երկխօսութեամբ գործելով է, որ կարելի կը դառնայ տագնապներուն լուծումը:
Յ. Բագրատունի հաստատեց այս մօտեցումին արդիւնաւէտութիւնը` մեկնելով Լիբանանի փորձառութենէն, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ տեղեկատուական մարզէն եւ ամբոխահաճութենէ հեռու` անձնական մակարդակի վրայ հաղորդակցելու կարեւորութեան: (Խօսքին ամբողջութեամբ կ՛անդրադառնանք յաջորդիւ):