Մոսկուան բացասականօրէն կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան կողմէ Թուրքիոյ դէմ Միջերկրական ծովուն մէջ իրավիճակի սրման առնչուած պատժամիջոցներ կիրարկելու որոշումին, սակայն ատիկա չի նշանակեր, թէ Ռուսիան կ՛աջակցի Թուրքիոյ, որ հորատման աշխատանքներ սկսած է բացառապէս Կիպրոսի տնտեսական գօտին նկատուող տարածքին մէջ` բնական կազի արտահանման նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ «Իզվեսթիա»:
Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Կրուշքոյի, միակողմանի պատժամիջոցները կը հակասեն միջազգային օրէնքին եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ընթացակարգերուն:
Մոսկուա կը պնդէ, որ կիպրական հարցի լուծումով պէտք է զբաղի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը:
Նախապէս, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած էր յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուէր, որ Մոսկուան մտահոգ է Կիպրոսի տնտեսական գօտիին մէջ Թուրքիոյ գործողութիւններով, եւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղէր` զերծ մնալու քայլերէ, որոնք կրնան մագլցումի յանգեցնել:
Յիշեցնենք, որ Եւրոպական Միութիւնը երկուշաբթի օր որոշեց Թուրքիոյ դէմ խորհրդանշական պատժամիջոցներ կիրարկել:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Կեն Շուան յայտնեց, որ Չինաստան Թուրքիոյ եւ Կիպրոսին կոչ կ՛ուղղէ` զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ երկխօսութեան սկսելու Միջերկրական ծովուն մէջ հորատման աշխատանքներու հարցով, որպէսզի երկիրները խուսափին իրավիճակի մագլցումէն: