Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Նէյմար անձամբ յայտարարեց, թէ շուտով պիտի միանայ փարիզեան խումբին եւ պիտի սկսի նախապատրաստուիլ 2019-2020 տարեշրջանին:
«Կը վերադառնամ Ֆրանսա, որպէսզի խումբիս միանալով սկսիմ նախապատրաստուիլ նոր տարեշրջանին եւ կեդրոնանալ մեր խումբին կատարելիք մրցումներուն վրայ», ըսաւ պրազիլցին:
Նախքան այս լուրը տարաձայնութիւններ շրջան կ՛ընէին, որ ան Փարիզ կը վերադառնայ քննարկելու համար Պարսելոնա իր վերադարձին հարցը:
Ֆրանսայի ախոյեանին հետ 27 տարեկան Նէյմարի պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2022: