Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, շաբաթ, 20 եւ կիրակի, 21 յուլիսին տեղի կ՛ունենայ Արզի 28-րդ ռելին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ:
Անոր ընդհանուր երկարութիւնն է 347,05 քմ:
Առաջին ռելին գարնանայինն էր, իսկ երկրորդը` Ժեզզինի ռելին:
Կազմակերպիչ ակումբը յայտարարեց, որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է չորեքշաբթի, 17 յուլիս, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ը:
Անոր ազդանշանը պիտի տրուի շաբաթ, 20 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 17:55-ին, «Լէօ Սետրիւս» պանդոկին առջեւէն (Արզ):
Իսկ կիրակի, 21 յուլիսին, նոյն վայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը (երեկոյեան ժամը 17:45):
Այս ռելիին մասնակցող բոլոր վարորդները իրենց ինքնաշարժներով մէկտեղուած պիտի ըլլան «Նորթ Քոլեճ» դաշտին մէջ (Զղարթա), իսկ անոնց իջեւանած պանդոկը պիտի ըլլայ «Լէօ Սետրիւս»-ը: